Սելիմ Հըս Ընդունեց Ատտումը
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս շաբաթավերջին ընդունեց նախկին ընդհանուր դատախազ Ատնան Ատտումը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմանային իրավիճակը:
Հանդիպումէն ետք Ատտում յայտնեց, որ եթէ Լիբանան-Սուրիա սահմանին մօտակայքը արձանագրուող շարժումներուն նպատակը սուրիացի գաղթականներուն մարդասիրական օժանդակութիւններու ապահովումն է, ապա ատիկա յարգելի է, սակայն եթէ այդ շարժումները այլ նպատակներ կը հետապնդեն, ինչպէս` սուրիացի կամ իսլամական ծայրայեղական շարժումներու անդամ զինեալներու Լիբանան փոխադրութիւն, ապա այդ մէկը կտրականապէս մերժելի է:
Անդրադառնալով Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքին` ապա պէտք է ըսել, որ այդ ատեանը մերթ ընդ մերթ կը գործէ քաղաքական նպատակներ իրագործելու համար:
Ատտում խիստ վտանգաւոր նկատեց Լիբանանի մէջ Հըզպալլային ահաբեկչական շարժումի պիտակը շնորհելու փորձերը` շեշտելով, որ կարելի չէ նոյն ձեւով շարունակել եւ երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը վտանգի ենթարկել: