Ռայի Պատրիարքը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Յորդանանի Թագաւորին Հետ
Յորդանան կատարած իր հովուապետական այցելութեան շրջագիծին մէջ, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-յորդանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Ապտալլա Բ. թագաւոր կը մերժէ շրջանին մէջ տիրող հարցերը բռնարարքներով լուծելու կարելիութիւնը, այլ կը փափաքի այդ հարցերուն խաղաղ լուծումներ գտնել:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը, Յորդանանի եկեղեցիներէն մէկուն մէջ արտասանած իր քարոզին ընդմէջէն կոչ ուղղեց արաբական աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն միասնաբար գործելու եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու` վերջ տալու համար կրօնական ծայրայեղութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

