Նախագահ Սլէյման Այցելեց Անթիլիասի Մար Էլիաս Եկեղեցին
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին այցելեց Անթիլիասի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպուած գիրքերու ցուցահանդէսը, ուր յայտարարեց, որ պատգամ երկիր ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը, հոն տիրող բազմազանութիւնն ու լիբանանեան վարչակարգը եւ Թաէֆի համաձայնագիրը երկրին ապահովական կայունութեան երաշխիքներն են:
Պատասխանելով Փաղանգաւոր եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութիւններուն ուսանողական թեւերուն եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն միջեւ արձանագրուած բախումին մասին հարցումի մը` նախագահ Սլէյման ցաւ յայտնեց այդ միջադէպին գծով, նկատել տալով, որ այդ բախումը ոչ-լիբանանեան եւ անքաղաքակիրթ բախում կը նկատուի:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ այդ բախումը պատահած էր թեքնիք սխալներու եւ անպատշաճ վարուելակերպի պատճառով: Ան կոչ ուղղեց շաբաթ օրուան ցուցարար երիտասարդներուն` գիտակցելու իրենց սխալին, շեշտելով, որ արձանագրուածը փոքր սխալ մըն էր, որ կարելի է շրջանցել ապագային:
Միւս կողմէ, շաբաթավերջին նախագահ Սլէյման ընդունեց ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզան, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ նեխած միսերու գոյութեան թղթածրարը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ ոչ ոքի կարելի է պաշտպանել, երբ հարցը ուղղակիօրէն կը վերաբերի քաղաքացիին առողջութեան եւ սնունդին:


