Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

Ուէյն Ռունի

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուեսթ Պրոմուիչի: Եունայթըտի կոլերը նշանակեց` Ուէյն Ռունի (36-րդ եւ 71-րդ` փենալթիով):

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եունայթըտ, որ այժմ ունեցաւ 67 կէտ, մէկ կէտով կը գերազանցէ երկրորդ դիրք նահանջած Մանչեսթըր Սիթին, որ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սուանզիի դաշտին վրայ:

Չելսի յաղթեց Սթոքի (1-0), մինչ Լիվըրփուլ 1-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Սանտըրլենտէն:

Այսօր` երկուշաբթի, 12 մարտին, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Արսենալ (4-րդ) կը հիւրընկալէ Նիւքասըլը (6):

Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ տասը կէտի առաւելութիւնը մնաց անփոփոխ (ի նպաստ` Ռէալի)` նկատի ունենալով, որ անոնք երկուքն ալ յաղթանակ արձանագրեցին, առաջինը` Ռէալ Պեթիսի (3-2), իսկ երկրորդը` Ռասինկ Սանթանտերի (2-0) դէմ: Ռէալէն Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեց երկու կոլ (52-րդ եւ 73-րդ), իսկ Պարսելոնայէն` Լիոնել Մեսսի (29-րդ եւ 56-րդ փենալթիով):

Իտալիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Ա. Սէ. Միլան յաղթելէ ետք Լեչէի (2-0), չորս կէտի առաւելութիւն մը ունեցաւ Եուվենթուսի վրայ, որ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ճենովայի հետ:

Գերմանիոյ մէջ, օգտուելով Օկզպուրկի հետ պարագլուխի դիրքը գրաւող Պորուսիա Տորթմունտի արձանագրած հաւասարութենէն (0-0), 2-րդ դիրքը գրաւող Պայէրն Միւնիխ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցուց հինգի` 7-1 արդիւնքով ջախջախելէ ետք Հոֆընհայմը: Մարիօ Կոմեզ հեթրիք մը իրագործեց (5-րդ, 35-րդ եւ 48-րդ):

Ֆրանսայի մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Տիժոնի դաշտէն: Սակայն Մարսէյ (8-րդ) 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Աժաքսիոյի դաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES