Լիբանանի Ֆութպոլի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ – Մապարրա` 2-3

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու (1995-1996-ի ծնունդ) ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սին էլ Ֆիլի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-Մապարրա մրցումը:

Թէեւ մրցումը աւարտեցաւ մրցակից կազմին յաղթանակով (3-2), սակայն ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղին 2-0 արդիւնքով յառաջացաւ Յակոբ Նաճարեանի (30-րդ) եւ Յարութ Պայրագտարեանի (40-րդ) նշանակած կոլերուն շնորհիւ:

Հակառակ անոր որ օդը պայծառ էր եւ հով չկար, սակայն Բ. կիսախաղին զարմանալիօրէն օրուան իրաւարարին սուլիչը «փոխուեցաւ»` նկատի ունենալով, որ Մապարրա իր երեք կոլերը նշանակեց անոր օգնութեամբ: Առաջինը` օֆ-սայտով, իսկ մնացեալ երկուքը` կասկածելի փենալթիներով:

Սակայն հակառակ իրենց կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները ունեցան բացառիկ ելոյթ եւ կատարեցին այս տարեշրջանի իրենց լաւագոյն մրցումներէն մէկը:

 

Share this Article
CATEGORIES