Փինկ Փոնկ. Արեւմտեան Ասիոյ Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Տղաքն Ու Աղջիկները Հանդիսացան Երրորդ

Բոլոր մրցանակակիրները (PROFOTO)

Երէկ` կիրակի, 11 մարտին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ փինկ փոնկի կրտսերներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան կիսաւարտական եւ աւարտական ճակատումները:

Լիբանանի տղաքն ու աղջիկները հանդիսացան երրորդ` արձանագրելով ոչ այդքան տպաւորիչ արդիւնքներ:

Տղոց ախոյեան հանդիսացաւ Քաթար, իսկ Պահրէյն գրաւեց երկրորդ դիրքը: Աղջկանց պարագային տիտղոսին տիրացաւ Սուրիա, մինչ Քաթար գրաւեց երկրորդ դիրքը:

Նշենք, որ առաջին եւ երկրորդ հանդիսացողները այսպիսով իրաւունք կը ստանան իրենց մասնակցութիւնը բերելու 11-15 յուլիսին Չինաստանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ կրտսերներու ախոյեանութեան:

Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա եւ այլ անդամներ:

 

Share this Article
CATEGORIES