50 Տարի Առաջ ( 13 մարտ 1962 )

Վիեննական Մխիթարեան
Երկրորդական Վարժարան

Աւարայրի Արծիւը

Հինգշաբթի, 1 մարտ, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանի գողտրիկ սրահին մէջ վարժարանին բարձրագոյն կարգերը բեմադրեցին «Աւարայրի արծիւը» (ողբերգութիւն 5 արար):

Վարդանանց փառահեղ դիւցազնամարտին նուիրուած սոյն յիշատակի հանդէս- ներկայացման ներկայ գտնուեցաւ մօտ 1000-ի հասնող` ծնողներու, բարեկամներու եւ համակիրներու հոծ բազմութիւն մը:

Հանդէսին կը նախագահէր պատրիարքական ընդհ. փոխանորդ Սահակ եպս. Կոգեան:

Ճիշդ ժամը 4:00-ին սկսաւ ներկայացումը:

Կրնանք անվարան ըսել, թէ լիակատար յաջողութիւն մը արձանագրուեցաւ:

Անակնկալի եկանք` տեսնելով բեմի վրայ պատանիներ, որոնք ինքնավստահ եւ լուրջ խաղարկութեամբ մը խոր կերպով տպաւորեցին ներկաները:

Ընդհանրապէս բոլոր դերակատարները փայլեցան իրենց դերերուն մէջ, հակառակ այն իրողութեան որ անոնցմէ շատերը դեռ առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանային:

Պաստաճեան Միհրան (Ղեւոնդ Երէց), Մանուկեան Սամուէլ (Վասակ). Գանթարճեան Օննիկ (դենպետ) եւ Խաչերեսեան Վարուժան (Յազկերտ) ապրեցան եւ ապրեցուցին ներկաները: Կրնանք ըսել, թէ լաւագոյն եւ ապագայ խոստացող դերասաններն էին:

Օրիորդներ Խրլոբեան Մէրիժէյնի (Վարդանին կինը` Զարուհի) եւ Առաքելեան Ֆրիտայի (Վարդանին դուստրը` Շուշանիկ) լիապէս արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը, եւ շնորհիւ իրենց յստակ առոգանութեան` փաստեցին, թէ կարող էին աւելի դժուարին դերեր խաղալ:

Իրենց երկրորդական դերերուն մէջ Անլեան Յակոբ (Յովսէփ կաթ.), Չպլաքեան Արա (Դենպետ), Սէօքիւնեան Պետրոս (Ներշապուհ Արծրունի) եւ Կիւլեսերեան Մովսէս (Վրոյր` Շուշանիկի խօսեցեալը) բաւական յաջող էին:

Իսկ Վարդան Մամիկոնեանի դերով Մելքոնեան Յովսէփ գոհացուցիչ խաղարկութիւն մը ցուցաբերեց: Աւելի լաւ կ՛ըլլար եւ նաեւ կը փափաքէինք բեմի վրայ Վարդանի դերով տեսնել բարձրահասակ, թիկնեղ պատանի մը:

Սակայն, յամենայն դէպս չենք կրնար ուրանալ նաեւ Մելքոնեանին բեմի վրայ ունեցած ինքնավստահութիւնը եւ արժանիքը:

Հագուստները, տեքորները բաւական ճոխ էին: Դիմայարդար Դաւիթ Էվէրէկլեան լաւագոյնս կատարեց իր պաշտօնը:

Տեսարանները բաւական լուրջ պատրաստութեամբ մը ներկայացուեցան: Տպաւորիչ էին հայ նախարարներուն եւ եկեղեցական մեծերուն ժողովը, նախարարներուն ուրացումը եւ կրակին երկրպագումը, ու ի վերջոյ, Աւարայրի ճակատամարտին դաշտը, պատերազմէն վերջ, ուր Ղեւոնդ Երէց լալահառաչ դիակներու մէջէն կը փնտռէր Վարդանը եւ իր ընկերները:

Ժամը 6:15-ին ներկայացումը վերջ գտաւ ընդհանուր խանդավառութեան եւ ներկաներու որոտընդոստ ծափահարութեանց տակ:

Ներկաները մեկնեցան սրահէն` վերահաղորդուած Վարդանի եւ անոր ընկերներու շունչով:

Այս եզակի յաջողութեան առիթով սրտագին կը շնորհաւորենք Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու Գէորգ Պաղճեանը, որուն վրայ ծանրացած էր խումբի պատրաստութեան հոգը:

ՎԱՐԴԱՆ

Share this Article
CATEGORIES