Հնագիտական. Նախապատմական Ժամանակներուն Ապրած Թեւատները Եղած Են Բարձրահասակ, Սակայն` Նիհար
Փետրուարի կէսերուն բրածոներու ուսումնասիրութեամբ զբաղող նորզելանտացի խումբ մը մասնագէտներ վերջնականացուցած են մօտաւորապէս քսանհինգ միլիոն տարի առաջ Նոր Զելանտայի կղզիներուն մէջ ապրած թեւատներուն մարմնին կերտուածքը:
Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող թռչնազգիներու բրածոներու մասնագէտ Տեն Քսեփքա ըսած է, թէ նախապատմական ժամանակներուն ապրած թեւատներուն տեսքը բաւական տարբեր եղած է ներկայիս գոյութիւն ունեցող թեւատներուն տեսքէն: Այսպէս, օրինակ, նշեալ թեւատներուն բրածոյ ոսկորներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անոնք համեմատաբար աւելի նեղ կրծքավանդակ մը ունեցած են, ինչպէս նաեւ` երկար ու բարակ կտուց մը եւ երկար ու աստիճանաբար բարակցող լողակներ:
Նաեւ նշեալ թեւատները եղած են բարձրահասակ, սակայն` նիհար: Անոնք ունեցած են մօտաւորապէս 1,3 մեթր երկայնք: Մինչ այդ, ներկայիս գոյութիւն ունեցող թեւատներուն ամէնէն հասակաւորը` կայսր կոչուած թեւատը ունի 1,2 մեթր երկայնք: Նաեւ ներկայիս գոյութիւն ունեցող թեւատները կարճ ու կլոր են, իսկ անոնց կտուցը` լայն ու կարճ:
«Ուտելիքով Վերադարձող
Սուզորդները»…
Ուսումնասիրութիւնը կատարող մասնագէտներէն` հնագէտ Էուան Ֆորտիս մօտաւորապէս երկու տասնամեակ զբաղած է Նոր Զելանտայի կղզիներուն մէջ բրածոյ կէտերու ու դլփիններու փնտռտուքով, որուն ընթացքին ան հանդիպած է նաեւ նախապատմական ժամանակներուն ապրած երկու տեսակի թեւատներու ոսկորներուն բրածոներուն:
Նշեալ բրածոներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ այդ երկու տեսակի թեւատները գրեթէ միեւնոյն մարմնի կերտուածքը ունեցած են:
Մասնագէտները յայտնած են, թէ քսանհինգ միլիոն տարի առաջ Նոր Զելանտայի մեծ մասը ջուրերուն տակ եղած է եւ փոքր կղզիներու շարք մը միայն ցամաք եղած է: Նշեալ կղզեակները շրջապատող ջուրերուն ծանծաղ ալիքները լաւագոյն միջավայրը հանդիսացած են թեւատներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք այդ միջավայրին մէջ կրցած են գտնել անհրաժեշտ քանակութեամբ ձուկեր, ինչպէս նաեւ կրցած են իրենք զիրենք պաշտպանել գիշատիչ անասուններէն:
Մասնագէտ Քսեփքա ըսած է, թէ հնագոյն ժամանակներուն Նոր Զելանտան ու անոր շուրջ գտնուող հսկայ տարածութիւններ աշխուժ հրաբուխներով ծածկուած եղած են, որոնցմէ արտանետուած մոխիրը երկար ատեն ամպոտ պահած է երկինքը:
Մասնագէտները «ուտելիքով վերադարձող սուզորդներ» կոչած են նախապատմական ժամանակներուն գոյութիւն ունեցած թեւատները` նկատի ունենալով, որ անոնք ծանծաղ ալիքներուն մէջ սուզուելով` ձուկ որսացած ու ցամաք վերադարձած են իրենց որսով:
Տարբեր Որսե՞ր
2010-ին ամերիկացի բրածոներու մասնագէտ Ճուլիա Քլարք յայտնաբերած է հնագոյն ժամանակներուն պատկանած այլ տեսակի թեւատի մը բրածոն, որ փետուրներով պահպանուած մնացած է, սակայն նշեալ բրածոն քսանհինգ միլիոն տարի առաջ գոյութիւն ունեցած թեւատներու բրածոյին չափ հին չէ եղած:
Մասնագէտ Քսեփքա նշած է, թէ Նոր Զելանտայի մէջ վերջերս յայտնաբերուած երկու տեսակի թեւատներու բրածոներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը տարբեր տեսակի ձուկ որսացած է` հակառակ այն իրողութեան, որ այդ երկու տեսակի թեւատները գրեթէ միեւնոյն մարմնի կերտուածքը ունեցած են:
Նման երեւոյթ մը գրեթէ գոյութիւն չունի ներկայիս, մասնաւորաբար` միեւնոյն միջավայրին մէջ ապրող թեւատներուն մօտ:
Պատրաստեց` ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
(Օգտագործուած աղբիւր`
«Նէշընըլ ճիոկրաֆիք»)

