Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Կը Ջանայ Ինքզինք «Մաքուրի Հանել» Խոջալուի Հանրահաւաքի Ընթացքին Բարձրացուած Պաստառներու Խնդրին Մէջ

Վերջին շաբաթներուն Խոջալուի դէպքերու տարելիցին առիթով կազմակերպուած հանրահաւաքները առիթ հանդիսացան թրքական ազգայնամոլութեան` հրահրելու հայատեացութիւնը:

«Ֆաշիստ» թուրքերու ստեղծած մթնոլորտը հակակշռելու փութացին «բարեացակամ» թուրքեր, որոնք Խոջալուի համար ցաւ յայտնելով հանդերձ, մերժեցին ազգայնամոլ ու կոյր հայատեացութիւնը:

Անշուշտ, «բարեացակամ» թուրք ցուցարարներէն ու յօդուածագիրներէն ոչ մէկը յանդգնեցաւ մատնանշել Խոջալուի դէպքերու «ցեղասպանական» պիտակի անհեթեթութիւնը, կամ անդրադառնալ այդ դէպքերու իսկական պատասխանատուները բացայայտող տուեալներուն:

Այնուհանդերձ, «Ազդակ» պոլսահայ իր պաշտօնակից «Մարմարա»-էն եւ թրքական մամուլէն քաղուած հետեւեալ հաղորդումներով իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ այս հարցին առնչութեամբ Թուրքիոյ մէջ պարզուած պատկերը:

Ա.

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Շահին կը մեղադրուի Թաքսիմի հրապարակին վրայ Խոջալուի զոհերու ոգեկոչման ընթացքին տգեղ ու հայհոյալից վերտառութիւններու առջեւ կրակոտ ճառախօսութիւն մը ըրած ըլլալուն համար: Ամէն մարդ հարց կու տար, թէ ներքին գործոց նախարարը չէ՞ր տեսած այդ վերտառութիւնները եւ ինչպէ՞ս յօժարած էր խօսելու այդպիսի հայհոյալից վերտառութիւններու շուքին տակ:

Ներքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ, անշուշտ մեղմացնելու համար նախարարին դէմ եղած ամբաստանութիւնները, դիտել տրուեցաւ, որ նախարարութիւնն ալ անընդունելի կը գտնէ այդ վերտառութիւնները եւ արդէն շարժման անցած է, որպէսզի հետապնդում կատարուի այդ պաստառները կրողներուն մասին:

Պոլսոյ կուսակալութիւնը աշխատանք կը տանի, որպէսզի ստուգէ գրգռիչ մարմիններուն ու պաստառները կրողներուն ինքնութիւնը, ըսաւ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Խոջալուի հանրահաւաքը կազմակերպուած էր հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ, եւ որեւէ քաղաքական կուսակցութիւն նիւթապէս ու բարոյապէս զօրավիգ կանգնած չէր այդ հանրահաւաքին: Կարգ մը գրգռիչ խմբակներու կողմէ գործածուած լոզունգները հաշտ չէին այս հանրահաւաքին ոգիին հետ, որուն նպատակն էր պարզապէս ոգեկոչել Խոջալուի մէջ սպաննուածներուն յիշատակը, եւ ներքին գործոց նախարարին մասնակցութիւնն ալ միայն այս նպատակը կը հետապնդէր, ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ կայ նաեւ գանգատ այն մասին, թէ նախարարին ճառախօսութիւնը խեղաթիւրուեցաւ լրատուութեանց մէջ, եւ անոր խօսքերուն մէկ մասը միայն հրատարակուեցաւ: Նախարարը ըսաւ, որ Խոջալուին հաշիւը պիտի մաքրուի, բայց ըսաւ նաեւ, որ ատիկա պիտի կատարուի օրինաւոր ու մարդասիրական միջոցառումներով: Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ կրկին դիտել տրուեցաւ, որ Թուրքիոյ մէջ բոլոր քաղաքացիները հաւասար են իրարու ու բոլորն ալ կը գտնուին պետութեան պաշտպանութեան ներքեւ` առանց ազգային տարբերակման:

 

Հիմա Ալ Հայեր Սպաննուեցան
Ռիզէի Մէջ

Բարեբախտաբար իրաւ սպանութիւն չէ, բեմադրութիւն է: Այս խորագրին ներքեւ է, որ թրքական կարգ մը թերթեր արձագանգ կը հանդիսանային «Ռիզէի ազատագրման» 94-րդ տարեդարձի հանդիսութեան, որուն ընթացքին կրկնուեցաւ այն, ինչ որ երկար տարիներէ ի վեր հայերու դէմ կը բեմադրուի, հակառակ զանազան քննադատութիւններու: Խորհրդանշական բեմադրութեամբ մը դարձեալ հայ յեղափոխականներ յարձակեցան թուրքերու վրայ ու սպանդներ ըրին` առանց խտիր դնելու կիներու ու մանուկներու միջեւ, յետոյ յայտնուեցան հերոս թուրք երիտասարդներ, որոնք պայքարեցան հայերու դէմ ու մէկ առ մէկ սպաննեցին հայ յեղափոխականները, Ռիզէն ազատեցին թշնամիին ձեռքէն:

Սա օրերուն, երբ տակաւին բուռն քննադատութիւններ կը կատարուին Թաքսիմի հրապարակին վրայ Խոջալուի կապակցութեամբ պարզուած տգեղ ու հայհոյալից վերտառութիւններուն դէմ, Ռիզէի մէջ կրկին ատելութիւն սերմանուեցաւ հայերու դէմ, ատելութեան արշաւ մը, որուն մասնակցեցան նաեւ պետական դէմքեր, ինչպէս` Ռիզէի կուսակալը, քաղաքապետը, ոստիկան զօրաց հրամանատարը եւ այլն:

Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ քաղաքապետը իր ճառախօսութեան մէջ չմոռցաւ անդրադառնալ Ֆրանսայի մէջ ընդունուած օրէնքին եւ ըսաւ, որ այս շրջանին կարգ մը հեռաւոր երկիրներու խորհրդարաններ ցաւ կը պատճառեն մեզի, բայց չըլլայ, որ յուզուինք անոնց քաղաքական խաղերէն, որովհետեւ` «մեր մեծ հայրիկները այս անօրինակ հայրենիքը այդ գաղթատէրերու մեծ հայրիկներուն արիւնոտ մոյկերուն տակէն ազատեցին»:

 

Խոջալուի Ցոյցին Դէմ Մարդասիրական Ցոյց

Մօտաւորապէս Հազար Բարեացակամ
Ցուցարարներ Թաքսիմի Մէջ Պոռացին.
«Մենք Հոս Ենք Հայերը Պաշտպանելու Համար
»

Մօտաւորապէս հազար ցուցարարներ, որոնց միջեւ կային քաղաքագէտներ, լրագրողներ, դերասաններ, Կալաթասարայէն մինչեւ Թաքսիմ երթ կատարեցին բողոքելու համար Թաքսիմի մէջ Խոջալուի սպանդի տարեդարձին առթիւ պարզուած հակահայ տգեղ վերտառութիւններուն դէմ: Ցուցարարները բողոքեցին հայերու դէմ կատարուած ցեղապաշտ այս գրգռութեան դէմ ու ըսին, որ իրենք հոս են պաշտպանելու համար հայերը: Իրենք հոս են, բայց ի՜նչ մեղք, որ անտեսանելի կերպով հոն են նաեւ այն մեծ թիւով մարդիկը, որոնք այս երկրին մէջ տարիներ շարունակ լսեցին հայերու դէմ թշնամական արտայայտութիւններ եւ անոնցմով լեցուեցան: Անոնք տակաւին մեծամասնութիւն չե՞ն կազմեր այս երկրին մէջ:

Մարդասիրական այս նոր շարժումին ցուցարարները կը յայտնէին, որ կը քալէին ցեղապաշտութեան դէմ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը ընդգծելու նպատակով: Պարզած էին վերտառութիւններ, որոնց վրայ կը կարդացուէին հետեւեալները. «Կեցցէ՛ ազգերու եղբայրութիւնը», «Թուրքը թուրքէն ուրիշ բարեկամ ալ ունի», «Ֆաշականութիւնը անցք չունի», «Ատելութիւնը ձերն է, մարդասիրութիւնը` մերը»:

Թաքսիմի հրապարակին վրայ եղան ճառախօսութիւններ: Լրագրող Եաշար Կիւվեն այսպէս խօսեցաւ.

«Անցեալ շաբաթ այս հրապարակին վրայ, ներքին գործոց նախարարին ալ աչքերուն տակ, հայերու ու բոլոր ժողովուրդներու նկատմամբ ատելութիւն սերմանուեցաւ: Նախատինքներ եղան, սպառնալիքներ տեղացին: Նպատակը Խոջալուի սպանդը չէր: Պետութիւնը, իբրեւ պատրուակ գործածելով Ֆրանսայի մէջ ընդունուած օրէնքը, կը հրահրէ հայերու դէմ թշնամութիւն: Բայց ո՛չ, ասիկա այնքան աժան չէ: Ահաւասիկ մենք հո՛ս ենք: Բազմատեսակ ենք: Այստեղի ժողովուրդներն ենք: Առանձին պիտի չթողունք հայերը: Մենք անոնց չենք հայհոյեր: Չենք նախատեր: Մեր ձեռքերուն մէջ թշնամութիւն սերմանող վերտառութիւններ չկան: Մենք պայքար կը հռչակենք ցեղապաշտութեան ու ամէն տեսակ մոլեռանդութեան դէմ»:

Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Մահմուտ Թան եւս խօսեցաւ ու պնդեց, որ վարչապետը երիտասարդներուն կը յանձնարարէր հետապնդել իրենց ատելութեան դատը, ցոյց կու տար խտրականութեան ու ցեղապաշտութեան ուղին: «Իսկ մենք հոս ցոյց կու տանք հաշտութեան ճամբան: Ցեղը, գոյնը, սեռը եւ այլն այնպիսի յատկութիւններ են, զորս մարդ չի կրնար փոխել: Այս յատկանիշներուն համար չէք կրնար մարդիկը անջատել ձեզմէ: Միայն թէ այսօր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կ՛ընէ այս անջատումը», ըսաւ Թան:

Ցոյցին մասնակցած էին նաեւ ազերի ընկերվարականներ, որոնցմէ Մեթլեպ Մուխթարով լուսանկարուեցաւ հայազգի Սայաթ Թեքիրի հետ:

 

Եթէ Համալսարանն Ալ
Ասիկա Ընէ՞…

«Ռատիքալ»-ի մէջ հրատարակուած լրատուութեան համաձայն, Սփարթայի համալսարանին մէջ եւս սարքուեցաւ Խոջալուի զոհերը ոգեկոչելու հանդիսութիւն, որուն ընթացքին ուսանողները գետին պառկելով բողոքած եղան Խոջալուի մէջ կատարուած սպանդին դէմ: Հանդիսութիւնը հոն եւս առիթ դարձաւ, որպէսզի ատելութեան զգացումներ սերմանուին հայերու նկատմամբ, պարզուեցաւ պաստառ մը, ուր գրուած էր. «Խոջալուն թուրք է եւ թուրք պիտի մնայ, Աղրը (Արարատ. Ա.) լեռը ձեզի գերեզման պիտի ըլլայ»:

Սփարթայի «Սիւլէյման Տեմիրէլ» համալսարանի հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր համալսարանի թրքախօս հաւաքականութեան եւ պատմութեան բաժանմունքին կողմէ: Էօզկիւրլիւք հրապարակին վրայ հայերու դէմ խիստ կարգախօսներ արձակուեցան: Ուսանողները, որոնք թրքական ու ազրպէյճանական դրօշակներ կը կրէին, կ՛արձակէին նաեւ «Սփարթայի՛ համալսարան, մի՛ քնանար, Խոջալուին տէր կանգնէ» կարգախօսը: Համալսարանի մէջ պաշտօնավարող ազրպէյճանցի փրոֆ. Ապտուլլահ Այեւ ըսաւ, որ Խոջալուի սպանդը պատմութեան մէջ հայերու կողմէ թուրքերու դէմ գործադրուած ամէնէն յատկանշական ցեղասպանութիւններուն մէկ օրինակն է: Ան ըսաւ, որ այս պատահարը առանձին պատահար մը չէր:

Մամուլին բացատրութիւններ տրուեցան նաեւ համալսարանի թրքախօս հաւաքականութեան բաժանմունքի վարիչ Ռաշիտ Աճարի կողմէ, որ ըսաւ, թէ թուրք ժողովուրդը երբեք պիտի չմոռնայ եւ անէծքով պիտի յիշէ հայոց անբարոյականութիւնը, որով անոնք յարձակած էին թուրք ցեղակիցներու պատիւին, կեանքին վրայ: Ան ըսաւ, որ թուրք ժողովուրդը աշխարհի ոչ մէկ կէտին վրայ ամօթալի արարք մը իրականացուցած է, ընդհակառա՛կը, թուրքերուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւններ կան Պալքաններու, Արեւելեան Թիւրքեստանի, Ազրպէյճանի մէջ: Ազրպէյճանի մէջ հոսած արիւնը մեր արիւնն է, այդ արիւնը այդ օր հոսեցաւ, բայց անոր հաշիւը չէ փակուած ու միշտ ալ հաշիւ պիտի հարցուի անոր համար: Այնքան ատեն որ ազերիական հողամասին վրայ բռնագրաւումը պիտի չվերջանայ, երկու երկիրներու միջեւ սահմանը երբեք պիտի չբացուի, պէտք չէ մտածուի նաեւ Հայաստանի հետ դիւանագիտական կապեր հաստատելու մասին, ըսաւ ան:

Այս լրատուութիւնը կատարուած է «Համալսարանն ալ եթէ ասիկա ընէ» խորագրին ներքեւ: Շատ յատկանշական խորագիր մը, արդարեւ:

 

Թուրան Ալքան.  «Թուրքիա Երկրորդ Տինքեան
Աղէտի Մը Տակէն Չի Կրնար Ելլել»

Թուրան Ալքան «Զաման» թերթի իր սիւնակին մէջ ստորագրած էր հրահանգիչ յօդուած մը, որուն գլխաւոր մասերը կը հրատարակենք թարգմանաբար:

***                            

Կիրակի օր Թաքսիմի մէջ պատահեցան ուշագրաւ դէպքեր: Անոնք, որոնք այս հանրահաւաքին եկած էին ասիկա մարդասիրական արարք մը նկատելով, դէմ յանդիման մնացին ցնցիչ տեսարաններու հետ:

Անոնցմէ մէկն էր այն վերտառութիւնը, ուր գրուած էր. «Հայաստանը թող բնաջնջուի աշխարհի վրայէն»: Կամ ուրիշ մը, որուն վրայ գրուած էր. «Ակռայի դէմ ակռայ, արեան դէմ արիւն, վրիժառութեան դէմ վրիժառութիւն»: Կամ` «Պոզքուրթները (գորշ գայլեր) հոս են, Հրանդները ո՞ւր են»: Բայց ամէնէն անմոռանալին սա մէկն էր. «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ պոռնիկի զաւակ էք»:

Այս վերտառութիւնները գրուած չէին հոն վերջին վայրկեանի յուզումով, գրախանութէ մը վերջին վայրկեանին գնուած խաւաքարտի մը վրայ, ասոնք պատրաստուած էին կանուխէն, տպագրուած էին տպարաններու մէջ, այսինքն արդիւնք էին դիտումնաւոր նախապատրաստութեան մը: Տգեղ էին, գրգռիչ էին, գրգռելու նպատակով պատրաստուած էին: Ամօթալի էին, ամենածանր հայհոյանքն էին:

Ասիկա յաճախ տեսնուած տեսարան է: Զուլում մը դատապարտելու ընթացքին յանկարծ զուլում կատարող մարդու կը վերածուիս: Ասիկա գրգռիչ խելքի մը ստեղծագործութիւնն է: Կասկած չկայ, որ ասիկա քանի մը անպատասխանատու մարդու տեսած գործն էր, բայց կը բաւէր այլեւս, այսպիսի արարքներու արատը մեր բոլորին ճակտին կը քսուի:

Սփարթայի մէջ ալ երիտասարդներ ցոյց մը ըրած էին ու պոռացած էին. «Խոջալուն թուրք է եւ թուրք պիտի մնայ, Աղրը (Արարատ. Ա.) լեռը ձեզի գերեզման պիտի դառնայ»: Ձեր ուշադրութեան կը յանձնեմ այս լոզունգը: Յայտնի է, որ որոշ շրջանակներ Խոջալուի սպանդը պախարակելու պատրուակին ետին թաքնուելով` բոլոր հայերուն ուղղեալ ատելութեան արշաւ մը ստեղծել կը ջանան:

Այս ցոյցերը, որոնք 18-20 տարեկան երիտասարդները կը քաշեն դէպի ցեղապաշտ, նոյնիսկ դէպի ֆաշական գիծ, պէտք է ուշադրութեամբ քննարկուին կառավարութեան ու ապահովութեան ուժերուն կողմէ: Այս լոզունգներն ու վերտառութիւնները նոր փորձանքի մը լրաբերներն են, պէտք է արթուն ըլլալ անոնց նկատմամբ:

Պէտք է արթուն ըլլալ, որովհետեւ Թուրքիա դասարան կրկնեց Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան ընթացքին, ոմանք կը ջանան ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ կարծես թէ պետութիւնը, ապահովութեան համակարգը եւ այլ մարմիններ իրենց բոլոր խաւերով ու բաժիններով գոհ մնացած էին Տինքի սպանութենէն:

Ես կառավարութիւնը կը հրաւիրեմ արթուն ըլլալու` նախքան կուժին կոտրուիլը: Աստուած պահէ, ոչ մէկ կառավարութիւն կրնայ վերցնել երկրորդ տինքեան սպանութեան մը մարդկային ու քաղաքական ծանրութիւնը, կ՛եզրակացնէ յօդուածագիրը:

 

Պէտք Չէ Խրտչիլ «Բոլորս Հայ Ենք» Պոռալէ,
Նոյնիսկ Եթէ Մեզի Ըսեն «Պոռնիկի Զաւակ»

«Թարաֆ» թերթին մէջ սիւնակագիր Թունճեր Քէօսէօղլու «Հայ» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ անդրադարձաւ Թաքսիմի հրապարակի Խոջալուի հանրահաւաքին ու յայտնեց, որ կը վախնար, թէ ատելութեան այս սերմանումը դարձեալ կրնար վնաս պատճառել այս երկրին մէջ ապրող տարբեր ցեղէ ու կրօնէ մարդոց: Բայց այս մտահոգութիւնները յայտնելէ առաջ կը պատմէր, որ ինք չորս կամ հինգ տարեկան երեխայ էր, երբ առաջին անգամ լսած էր «Հայ» անունը: Իրմէ 15 տարեկան մեծ հօրեղբայր մը ունէր, զոր «Հայ» կը կոչէին շուրջինները: Շատ կը սիրէր զայն, անոր հետ ծով կը մտնէր, խաղ կը սարքէր, բայց երբ բարկանար, «Հայ» կ՛ըսէր անոր երեսին:  Եւ այսպէս կը շարունակուէր:

Աւելի վերջ, երբ որպէս լրագրող Կարս գնաց ու տեսաւ, որ այս քաղաքը Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներէն տարբեր ոճ մը ունէր, տեսաւ նաեւ, որ տեղացիները որքան գոհ էին, որ Հայաստանի սահմանը բաց էր, որ հայեր կու գան Կարսի շուկայէն առեւտուր ընելու: Անոնք կենդանութիւն կու տային Կարսի շուկային, եւ օր մըն ալ այդ սահմանը փակուեցաւ անգամ մըն ալ չբացուելու պայմանաւ: Կարսէն ետք Իգտիր գացած էր, որովհետեւ լսած էր, որ կարգ մը «Իւլքիւճիւ»ներ» Նախիջեւան երթալով` ազերիներու հետ միասին հայերու դէմ կը կռուէին ղարաբաղեան պատերազմի պատճառով:

Հոն իր պանդոկը կը նայէր դէպի Աղրը (Արարատ – Ա.) լեռ: Օր մըն ալ զինք տարին մինչեւ լերան փէշերը, ուր 10-15 հոգիէ բաղկացեալ խմբակ մը կար, ամէն մէկուն ձեռքը Քալաշնիքոֆ գնդացիր մը: Ունէին նաեւ Ազրպէյճանի դրօշակ մը: Անոնք արտօնեցին, որ լրագրողներ լուսանկարեն զիրենք: Ըսուեցաւ, որ ասոնք երիտասարդներ են, որոնք Ազրպէյճան պիտի երթան հայերու դէմ կռուելու համար: Ինք ալ լուսանկարը հրատարակեց` այդ մասին լուր մը գրելով: Յաջորդ օր զինք վտարեցին Իգտիրէն: Ինք ալ մինչեւ վերջ պիտի զարմանար, թէ ինչո՛ւ գրած էր այդ լուրը:

Եւ հիմա սարսափի մատնուած էր Թաքսիմի մէջ կայացած հանրահաւաքը տեսնելով: Ատելութեան այս դրօշակիրները, որոնք քառասմբակ կը վազէին դէպի Թաքսիմի հրապարակը, կրնային դարձեալ ստեղծել 6-7 սեպտեմբերի թալան մը:

Բարեբախտաբար այս հանրահաւաքը չկրկնեց այն, ինչ որ պատահած էր 1955-ին: Թէեւ հրապարակին վրայ պարզուած վերտառութիւններուն վրայ գրուած էր, որ «Գիշեր մը յանկարծ կրնանք գալ», բայց այս մարդիկը երբեք ու երբեք յանկարծ կամ անակնկալ կերպով գացողներ չէին, անոնք կը նախապատրաստուէին այսպիսի արշաւի մը, կը մարզուէին:

Չէ՞ որ ամբողջ քաղաքը ծածկուած էր հայերուն դէմ գրգռիչ որմազդներով: Հանրահաւաքին մասնակցողներէն շատեր նոյնիսկ չէին գիտեր, թէ Խոջալուն ո՛ւր է: Հիմա ըսուեցաւ, որ հարցաքննութիւն կը կատարուի այդ վերտառութիւնները պատրաստողներուն մասին: Իսկ ես կը խնդամ, որովհետեւ գիտեմ, որ այս պատասխանատուները երբեք մէջտեղ չեն հանուիր: Նոյնիսկ եթէ հանուին, ինչո՞վ պիտի պատժուին անոնք: Այս սրբազան հայրենի հողերուն վրայ ամէն մարդ ամէն բանի հանդէպ ատելութիւն կրնայ փսխել` բացի թրքութեան հասցէէն, կը բաւէ, որ վնաս չհասցնէք թրքութեան:

Յօդուածագիրը այսպէս կ՛աւարտէ իր յօդուածը.

«Ինչ կը վերաբերի իմ հօրեղբօր հայկականութեան, անիկա յամառ երիտասարդ մըն էր, ինչ որ ընէին կամ ըսէին, ան իր գիտցածը կը կարդար: Իր այս յամառութեան պատճառով էր, որ համագիւղացիները հայ անուանումը փակցուցած էին անոր:

«Հիմա կը նայիմ ու կը տեսնեմ, որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր այս հողերուն վրայ ապրած մարդիկ, հակառակ վերջին դարուս իրենց կրած տառապանքներուն, հակառակ անոնց վրայ գործադրուած բազմազան ճնշումներու, սպառնալիքներու, տեղահանութիւններու, կ՛ուզեն շարունակել ապրիլ իրենց հայրենիքը նկատուած այս հողերուն վրայ եւ այսպիսի կամք մը ունենալու համար պէտք է յամառ ու պէտք է ըլլալ Հայ: Հիմա` Անատոլուէն քառասմբակ Պոլիս եկած ու հազարաւոր տարիներէ ի վեր հոն ապրողներուն հետ հողային պատկանելիութեան խնդիր յարուցած մարդոց բարձրացուցած ատելութեան լոզունգները. ներսէս ձայն մը զիս կը հրաւիրէ, որ պոռամ. «Բոլորս հայ ենք»: Այս երկրին աղուոր մարդիկը պէտք չէ վախնան, եթէ մէկը իրենց այդ աղաղակին ետեւէն անոնց փակցնէ «պոռնիկի զաւակ» մակդիրը եւ ատելութիւն փսխէ անոնց դէմ: Մենք ալ այս աշխարհագրութեան վրայ ապրող բոլոր ազգային հաւաքականութիւններուն հետ խաղաղութեան մէջ ապրելու յամառութիւնը ունինք»…

Share this Article
CATEGORIES