Լիպիոյ Տարեդարձ. Տօնակատարութիւն` Թաքուն Վտանգներու Ներքոյ
Պենկազիի մէջ տօնակատարութիւնները կանուխ սկսան: Երեքշաբթի, 14 փետրուարին անոնք արդէն կը տողանցէին փողոցները:
Տարի մը առաջ այստեղ էր, որ ցոյցերը վերածուեցան ապստամբութեան, որ իր կարգին տապալեց վերջին 50 տարիներու ամէնէն արմատաւորուած, հաստատուած բռնապետութիւններէն մէկը:
Ոմանց համար մեծ օրուան նախապատրաստութիւնները զգացական, յուզական յիշողութիւններ վերադարձուցին:
«Մենք կը սիրենք ատիկա: Սքանչելի է», ըսաւ Լամին Պիժու, որ դուրս ելած էր վայելելու համար ձմեռնային արեւու ճառագայթը:
«Ասիկա ազատութիւն է: Քազզաֆի չկայ: Անհաւատալի է: Ես ազատութիւնը կը զգամ: Ես ազատութեան հոտը կ՛առնեմ»:
Պենկազիի բնակիչները բուռն կերպով հպարտ են այն փաստով, որ իրենց քաղաքին մէջ սկսած էր ամէն բան:
Բայց տօնակատարութեան պայմաններուն մէջ Լիպիոյ յեղափոխութիւնը անաւարտ գործի յստակ զգացումը ունի:
«Անտեսուած»
Ասիկա երկիր մըն է, ուր իշխանութիւնը, ուժը կը գտնուի (մեծ չափով) ո՛չ Ազգային անցումային խորհուրդին (ԱԱԽ), ո՛չ ալ փոխանցման կառավարութեան ձեռքերուն մէջ, այլ` զինեալ կարկտան խմբաւորումներու:
Քաղաքի կեդրոնը գտնուող հսկայ պանդոկի մը աստիճաններուն վրայ այսպիսի երկու խումբեր բարձրաձայն կը վիճէին:
Կառավարութիւնը կ՛ուզէ համոզել մարտնչողները, որպէսզի յանձնեն իրենց զէնքերը եւ միանան ազգային բանակին:
Այս մարդոցմէ ոմանք ըսին, թէ այդպէս ըրած են, սակայն չեն վճարուած:
«Մենք բոլորս ալ անտեսուած ենք», ըսաւ կապոյտ համազգեստով սպայ մը` Մոհամետ Հիժազի:
«Զինուորականութիւնը անտեսելու օրակարգ մը կայ: Մենք էինք, որ յեղափոխութեան տրամադրեցինք բանակին խարիսխները»:
«Մենք այս յեղափոխութեան վերահսկողութիւնը, հակակշիռը կորսնցուցինք: Մենք հայթայթեցինք բոլոր զէնքերը, մենք կռիւը առաջնորդեցինք պայքարի առաջին գիծին վրայ: Եւ մեր վարձքը անտեսուիլն էր»:
Ասոնք բողոքի տեսակներ են, որոնք այլ մարտնչողները կը մղեն զինաթափ չըլլալու:
Նախկին մարտնչողներու այս գումարտակներէն ոմանք կը մեղադրուին ոչ պաշտօնական կալանավայրերու մէջ արգելափակեալները սարսափելի խոշտանգումներու ենթարկելու յանցանքին համար:

«Յեղափոխութիւնը կերտած այս երիտասարդներէն մենք կախեալ ենք, որպէսզի օգնեն մեզի անվտանգ դարձնելու համար երկիրը»:Մուսթաֆա Ապուշուկուր փոխվարչապետ
Մարդկային իրաւանց պաշտպան «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ» (Ներման միջազգային կազմակերպութիւն) փաստագրած է, ըստ իրեն, համատարած եւ շարունակուող միջադէպեր` խոշտանգումներու, ներառեալ` երկարատեւ ծեծեր եւ ելեկտրական սարքերով տանջանքներ:
Պատրանաթափուած
Մուսթաֆա Ապուշուկուր` Լիպիոյ փոխվարչապետը, կը խոստովանի, որ հարց մը կա՛յ, եւ թէ` պայքար կ՛ընթանայ հակակշիռի տակ առնելու նախկին մարտնչող ըմբոստներու գումարտակներէն ոմանք:
«Այս երիտասարդները, որոնք յեղափոխութիւնը իրագործեցին, յստակօրէն այժմ մենք անոնց օգնութեան, աջակցութեան կարիքը ունինք, երկրին մէջ անվտանգութիւնը հաստատելու համար, այն պահուն, երբ մենք միւս հաստատութիւնները կը կառուցենք», ըսաւ ան:
Պենկազիի գլխաւոր հրապարակներէն մէկուն վրայ մենք հանդիպեցանք Մասուտ Պուիսրիի, որ աղբիւրի մը եզրին նստած` կիթառ կը նուագէր անճոռնի կերպով:
Յեղափոխութեան ընթացքին ան ճակատին վրայ աստղ դարձաւ` երգելով մարտնչողներուն համար, որոնք կը կռուէին` դանդաղօրէն յառաջանալով դէպի արեւմուտք` Թրիփոլի:
Այժմ ան կ՛ըսէ, որ յեղափոխութեան նուաճումով պատրանաթափ եղած է:
«Ես իսկապէս տխուր եմ մեր վիճակին համար: Մենք Քազզաֆիին դէմ կռուեցանք ոչ թէ անոր անունին համար: Մենք պայքարեցանք մարդկային իրաւունքներու համար»:
Ըստ Պուիսրիի, կենսականօրէն կարեւոր է, որ յեղափոխութեան ատեն զէնք վերցուցած մարտնչողները այժմ վար դնեն իրենց զէնքերը:
«Երաժշտութիւնը խաղաղութիւն կը բերէ: Գնդացիրները խաղաղութիւն չեն կրնար բերել: Ես լարերը ընտրած եմ, անոնք աւելի ուժեղ են, քան զէնքերը», կ՛ըսէ ան:
Ըստ բազմաթիւ լիպիացիներու, յեղափոխութեան հետ եկած ազատութիւնները (միտքդ արտայայտելու ազատութիւն, քաղաքականութեան մասնակցելու ազատութիւն) իրենց կեանքերը կը բարեփոխեն:
Սակայն կայ վտանգը, որ եթէ մարտնչողները զինաթափ չըլլան, այս շահերը շատ դիւրաւ, արագ ճամբայ կու տան բռնութեան եւ ճնշման վերադարձին:
ԿԱՊՐԻԷԼ ԿԷՅԹՀԱՈՒՍ
«Պի. Պի. Սի.»




