Պարտքերով Բեռնաւոր Յոյներ Հակագերմանական Զգացումներ Կը Հրահրեն
Լուրերու հաղորդումի Աթէնքի ծխագոյն սենեակի մը մէջ հանրածանօթ երգիծանկարիչ Սթաթիւս Սթաւրոփուլոս կը մրոտէ իր վերջին գծանկարը:
Ատիկա մէկն է իր բնորոշ նկարներէն. գերմանացի զինուոր մը, կազով մահապատիժի սենեակ մը եւ Յունաստանի աշխատատեղերու հրկիզուած ըլլալու մասին վերնագիր մը:
Երգիծանկարչութեան արուեստը հակագերմանական աճող զգացումները կը նկարէ այն պահուն, երբ յոյներ կը հարուածեն երկիր մը, որ կը նկատուի իբրեւ մղիչ ուժը խիստ, դաժան խնայողութեան եւ խորացող տնտեսական տագնապի:
«Գերմանիան արդէն երկու անգամ փորձած է Եւրոպան Գերմանիա դարձնել: Այս անգամ ատիկա տնտեսական միջոցներով է: Մենք պէտք է դիմակայենք ատիկա, ընդդիմանանք ատոր: Մենք վատ զգացումներ չունինք Գերմանիոյ ժողովուրդին հանդէպ, այլ միայն` կառավարութեան եւ եւրոպական դրամատուներուն», կ՛ըսէ ան:
Երկու երկիրներուն միջեւ խորխորատը, ճեղքը խորացած է կայուն կերպով. գերմանացիները հետզհետէ աւելի կը վրդովեն, որ հիմնականին մէջ իրենք կը վճարեն Յունաստանի մնայուն աճող պարտքերու մուրհակները: Գերմանիոյ մամուլը յոյներու մասին գրած է, որ անոնք ծոյլ եւ անարդիւնաւէտ են:
Անցեալ տարի գերմանական «Ֆոքուս» շաբաթաթերթի կողքին վրայ կար նկար մը, ուր պատկերուած էր Յունաստանի սիրոյ եւ գեղեցկութեան աստուածուհի Արտեմիսի արձանը (Վինուս Տը Միլօ, հին յունական արձանագործութեան ամէնէն նշանաւոր գործերէն մէկը, Ա.), որ կը հայհոյէր եւ փաթթուած էր Յունաստանի պատռուած դրօշով: Նկարին վերնագիրն էր` «Եւրոպական Միութեան փտածները»:
Լարուածութիւնը եռացեալ կէտի հասաւ վերջերս, Յունաստանի պարտքերու մարման համար վարկի վաւերացման նախօրեակին:
Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարար Վոլֆկանկ Շէոպլ, երբ Յունաստանը «անյատակ տակառի մը» նմանցուց, Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս ըսաւ, որ պրն. Շէոպլ կը նախատէ Յունաստանը:
Խիստ խնայողութեան դէմ փետրուարին տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին, խորհրդարանին առջեւ ցուցարարները հրկիզեցին Գերմանիոյ դրօշը:
Նացիական Ժամանակաշրջանի
Պատկերներ
Ամբոխավարական հռետորութիւնը, որ անցեալին անընդունելի ոճ կը նկատուէր, Յունաստանի մէջ այժմ սկսած է հիմնական հոսանքը ըլլալ: Աթէնքի մէջ վերջերս տեղի ունեցած ցոյցը ներառեց ներկայացում մը. իբրեւ Հիթլեր զգեստաւորուած դերասան մը եւ ուրիշ մը իբրեւ Էս. Էս.ի (նացի կուսակցութեան զինեալ թեւը, Ա.) սպայ մը, կը ձեւացնէին, թէ կը բռնաբարեն կին մը, որ Յունաստանը կը ներկայացնէր:
Օրաթերթ մը հրատարակեց ծաղրանկարը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի, որ կը կրէր սուասթիքայով թեւակապ մը (նացիական կեռ խաչը)` յառաջացնելով այն մտավախութիւնը, որ այսպիսի նկարներու հրապարակումը կրնայ աղօտել, նսեմացնել Յունաստանի համբաւը իբրեւ օտարներու նկատմամբ հիւրընկալ երկիր, եւ երկրին համար կենսական զբօսաշրջային մարզը:
Պատկերասփիւռէն նոյնպէս յստակ են ակնարկութիւնները: Կիորկոս Թրանկաս հաղորդավարն է ժողովրդականութիւն վայելող ամէնօրեայ յայտագրի մը, որ կը հեգնէ Գերմանիան: Յայտագիրին մուտքը կը ներկայացնէ 1930-ական թուականներու տեսերիզներ, իսկ հաղորդավարին շուրջը գտնուող կազմածներուն վրայ տեղադրուած են նացի սպաներու նկարներ: Յունաստանի լսատեսողական մարզի իշխանութիւնները կ՛արտօնեն, որ յայտագիրը սփռուի, թէեւ կայանը, որ կը ներկայացնէ իր ձայնասփիւռային հաղորդաշարը, վերջերս 25 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուած է, երբ Թրանկաս վարկաբեկիչ, աննպաստ եզր մը օգտագործած է Ա. Մերքելի համար:
Երբ ես նշեցի, որ ինք հակագերմանական զգացումներ կը հրահրէ, Թրանկաս պաշտպանողականի անցաւ:
«Ես պատասխանատու չեմ, ես բնակչութեան կը հետեւիմ: Ամէն օր Պերլին կ՛ըսէ. «Նուազեցուցէ՛ք»: «Նուազեցուցէ՛ք կենսաթոշակները, նուազեցուցէ՛ք աշխատավարձերը»: Յունաստանի մէջ կեանքը մութ է: Հիւսիսային կարգ մը երկիրներ, ինչպէս` Գերմանիա, Հոլանտա կամ Ֆինլանտա, կ՛ըսեն, թէ իրենք համերաշխ են Յունաստանի ժողովուրդին հետ, կը զօրակցին անոր: Ո՛չ, ատիկա համերաշխութիւն չէ, ատիկա բարբարոս կացութիւն մըն է Յունաստանի համար», կ՛ըսէ Թրանկաս:
Փաստօրէն երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները բնաւ դիւրին, հեզասահ չեն եղած: Յունաստան մեծապէս տուժած է գերմանական բռնագրաւումին տակ, Բ. Համաշխարհային պատերազմին, որ Աթէնքի պարտադրուեցաւ ֆինանսաւորել: Շուրջ երեք հարիւր հազար յոյներ սովամահ եղան:
Մայրաքաղաքի արուարձաններուն մէջ գտնուող խճողուած սրահի մը մէջ հաւաք մը հրաւիրուած էր քննարկելու համար, թէ Գերմանիա պատերազմի փոխհատուցումները ինչպէ՛ս լիարժէք բնաւ չէ վճարած Յունաստանին: Հիւրընկալն էր` յունական դիմադրութեան նախկին անդամ Մանոլիս Կլեզոս, որ հռչակաւոր է Աքրոփոլիսին վրայ ծածանող Գերմանիոյ դրօշը 1941-ին վար առնելուն համար:
«Այն ձեւով, որ Գերմանիա կը վարուի Յունաստանի հետ, անհանդուրժելի է: Մենք օտարերկրացիներուն ստրուկներն ենք: Երիտասարդներ ինծի կը հարցնեն, թէ ո՞ր դրօշը այժմ պէտք է պատռուի. ես կ՛ըսեմ` ստրկութեան դրօշը: Եւ մենք պէտք է ծածանենք գերիշխանութեան եւ ազատութեան դրօշը», ըսաւ Մանոլիս Կլեզոս:
Հաւաքէն դուրս գտնուողներուն միջեւ տեղի կ՛ունենայ խօսակցութիւն մը: Կին մը ինծի կ՛ըսէ. «Ես միշտ գերմանացի բարեկամներ ունեցած եմ: Ես գերման ժողովուրդին դէմ պայքար չունիմ: Քաղաքականութիւնն է հարցը»:
Ուսուցիչ մը կ՛ըսէ. «Մենք այնպէս կը զգանք, որ մենք դարձեալ կը գտնուինք բռնագրաւումի տակ: Այժմ ասիկա տարբեր բռնագրաւում մըն է. տնտեսական եւ մարդկային բռնագրաւում: Մենք այսպէս չենք կրնար ապրիլ, ասիկա անմարդկային է»:
Աշխատատեղեր` Գերմանիոյ Մէջ
Բայց տաք, բուռն զգացումներէ հեռու, պատմութեան այլ կողմ մը կայ. մինչ Յունաստանի տնտեսական տառապանքները կը խորանան, բազմաթիւ յոյներ Գերմանիան ամէն ժամանակէ աւելի գրաւիչ կը տեսնեն:
Աթէնքի «Կէօթէ» հաստատութեան մէջ (գերմանական մշակութային կեդրոն) գերմաներէն սորվողներուն թիւը վերջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին բազմացած է: Եւ գերմանական պաշտօնական վիճակագրութիւններ, անցեալ տարուընէ, ցոյց կու տան Գերմանիա մեկնող յոյներու թիւի 80 առ հարիւր աճ` համեմատած 2010 թուականին:
Քրիսթոս Փափաթենիսիու մէկն է անոնցմէ, որոնք կ՛արտագաղթեն աշխատելու համար տնտեսապէս հզօր Գերմանիոյ մէջ: Ես զայն գտայ իր տան մէջ, ուր վերջին պատրաստութիւնները կ՛ընէր Համպուրկ ճամբորդելու համար:
«Ես կը սիրեմ գերմանացիները: Անոնք բարեկամական են եւ բարի: Մենք չենք կրնար Գերմանիան մեղադրել Յունաստանի մէջ այժմ տեղի ունեցող զարգացումներուն համար: Մենք պէտք է մեր քաղաքական գործիչները մեղադրենք: Անոնք Յունաստանը քանդեցին: Անոնք մեր արիւնը խմեցին, եւ այժմ Յունաստանի ժողովուրդը կը վճարէ գինը: Ուրեմն ատիկա Գերմանիոյ մեղքը չէ, մե՛ր մեղքն է, քանի որ մենք գիտէինք, թէ ի՛նչ կը պատահէր երկրին մէջ, եւ գլխաւորաբար մեր քաղաքական գործիչներուն մեղքն է»:
Յունաստան աւանդաբար եւրոպամէտ երկիր մըն է: Աւելի քան 30 տարիէ ի վեր հպարտ անդամն է Եւրոպական Միութեան: Բայց ծանր, դժուար ժամանակներու մէջ անոնք որոնք կը տառապին, իրենց զայրոյթը յաճախ կ՛ուղղեն օտարերկրացիներուն: Եւ մինչ այս երկիրը աւելի կ՛ընկղմի տնտեսական եւ ընկերային յուսահատութեան մէջ, վերաբերումները կը սկսին կարծրանալ` խոր եւ մտահոգիչ ձեւով:
ՄԱՐՔ ԼՈՎԸՆ
«Պի. Պի. Սի.»