ԿԱԶԱՅԻ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ 23-ի
Կազայի դէմ իսրայէլեան օդուժի յարձակումներուն չորրորդ օրուան ընթացքին պաղեստինցի երկու զինեալներ, ինչպէս նաեւ դպրոցական տղայ մը սպաննուեցան:
Ուրբաթ օր ընթացք առած յարձակումներէն ի վեր 23 պաղեստինցիներ սպաննուած եւ 65 ուրիշներ վիրաւորուած են: Իսրայէլ կը յայտնէ, որ Կազայէն աւելի քան 240 հրթիռներ արձակուած են, որոնցմէ առնուազն 25-ը` երէկ:
Միացեալ Նահանգներ հրթիռարձակումները դատապարտեցին` զանոնք նկատելով «վախկոտ արարքներ», Արաբական լիկան իսրայէլեան յարձակումները «ջարդ մը» կոչեց:
Բախումները ընթացք առին, երբ իսրայէլեան օդուժը հարուածեց Կազայի մէջ ինքնաշարժ մը` սպաննելով Ժողովրդային դիմադրութեան յանձնախումբեր կազմակերպութեան մարտական հրամանատար Զուհէյր Քայսին եւ անոր երկու ընկերակիցները: Իսրայէլ կը յայտնէ, որ Քայսի իր հողամասերուն դէմ մեծ յարձակում մը կը ծրագրէր:
Մինչ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու կիրակի օր յայտարարած էր, որ գործողութիւնները պիտի շարունակուին, «այնքան ատեն որ անհրաժեշտ է», ինչպէս նաեւ նշած էր, որ ինք հրամայած է հարուածել բոլոր անոնք, որոնք «կը ծրագրեն մեր դէմ յարձակում գործել», իսրայէլեան բանակի բանբեր գնդ. Եուիֆ Մորտախայ յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը պատրաստ է Կազայի մէջ ցամաքային գործողութիւն մը կատարելու, եթէ ապահովական կացութիւնը շարունակէ մագլցում արձանագրել: