Անան Քաթար Եւ Թուրքիա Կ՛Այցելէ

Քոֆի Անան

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ Քաթար այցելեց` տեղւոյն պաշտօնատարներուն ներկայացնելու համար Սուրիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները: Ան Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ քննարկեց Սուրիոյ կացութեան զարգացումները:

Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանիի հետ Անան քննարկեց Սուրիոյ ներկայ տագնապէն դուրս գալու միջոցները, ըստ 22 յունուարին որդեգրուած արաբական նախաձեռնութեան, որ կոչ կ՛ուղղէ Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը փոխնախագահին փոխանցելու եւ ընտրութիւններ պատրաստելու պարտականութիւնը ունեցող կառավարութիւն մը կազմելու:

Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ կացութիւնը «շատ վտանգաւոր» նկատեց եւ յայտնեց, որ «միայն նախագահ Ասատի հետ չխօսեցայ, այլ նաեւ ինծի առիթ տրուեցաւ ընդդիմութեան անդամներու, հասարակական անձնաւորութիւններու, կին եւ տղամարդ գործարարներու, ինչպէս նաեւ կրօնաւորներու հետ խօսելու»:

Ան աւելցուց, որ «կրնամ վստահեցնել, թէ գտայ, որ անոնք բոլորն ալ խաղաղութիւն եւ խաղաղութեամբ ապրիլ կ՛ուզեն, եւ այդ պէտք է ըլլայ մեր նպատակը»: Անան իր հարցազրոյցը աւարտեց նշելով, որ «մեր քննարկումին ընթացքին նախագահ Ասատի հետ շատ անկեղծ էի»:

Անան երէկ կէսօրին Քաթարէն մեկնեցաւ Թուրքիա:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զօրակցութիւն յայտնեց Անանի պատուիրակութեան: Անան Լաւրովին յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ սկսած է իր աշխատանքին եւ Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծումի ապահովման համար պատրաստակամութիւն յայտնած է Ռուսիոյ հետ գործակցելու, որպէսզի 10 մարտին Գահիրէի մէջ Ռուսիա-Արաբական լիկայ համաձայնութիւնը յստակացնէ:

Լաւրով իր կարգին զօրակցութիւն յայտնեց Անանի առաքելութեան` հիմնուելով ռուսական սկզբունքային կեցուածքին վրայ, որ կոչ կ՛ուղղէ բռնարարքները դադրեցնելու` ինչ ալ ըլլայ անոնց աղբիւրը, ինչպէս նաեւ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ ձեռնարկելու երկխօսութեան` առանց անոր արդիւնքները կանխաւ ճշդելու:

Մինչ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ յայտնեց, որ Դամասկոս քանի մը օրէն պէտք է Անանի «շօշափելի առաջարկներուն» պատասխան մը տայ, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Խատատի յայտնած է, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները իրենց համաձայնութիւնը յայտնած են երկրին մէջ տիրող տագնապին լուծման վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Արաբական լիկայի ներկայացուցած առաջարկին: Դամասկոսը հինգ կէտէ բաղկացած ծրագիրին վերաբերեալ առարկութիւններ չունի: «Մենք համաձայն ենք բռնութիւնները դադրեցնելու եւ առանց նախապայմաններու բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստելու», ըսած է դիւանագէտը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի Հիւսիսային Ափրիկէի եւ արաբական հարցերով օգնական Հիւսէյն Ամիր Ապտելհայան յայտնեց, որ Իրան ամբողջական կերպով կը զօրակցի Սուրիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան` նշելով, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան սպառնացող երկիրները պատասխանատու կը նկատէ սուրիական տագնապի մագլցումին համար:

Ան ըսաւ, որ կարգ մը շրջանային եւ միջազգային այն կողմերը, որոնք Հապճեպ որոշումներ որդեգրեցին եւ ընդդիմութեան զէնք մատակարարեցին, պէտք է դադրեցնեն այդ արարքները:

Միւս կողմէ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը, վկայակոչելով Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը, հերքեց այն լուրը, թէ Սուրիա Եւրոպական Միութեան անդամ կարգ մը երկիրներու մէջ իր դեսպանները տուն կանչած է: Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ատնան Մահմուտ յայտարարեց, որ Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա «ահաբեկչութեան մէջ» գործընկեր են եւ «ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումները» զինելնուն եւ ֆինանսաւորելնուն համար զանոնք սուրիացիներու արեան հեղումին համար պատասխանատու նկատեց:

Մինչ այդ, Փենթակոնի պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական որեւէ միջամտութիւն շատ վտանգաւոր պիտի ըլլայ եւ կրնայ բացառապէս ամերիկեան ուժերու կողմէ շաբաթներու վրայ երկարող օդային հարուածներ պահանջել, ինչ որ կրնայ բազմաթիւ քաղաքային զոհեր պատճառել եւ երկիրը դէպի քաղաքացիական պատերազմ մղել:

Պաշտօնատարները յայտնեցին, որ Սուրիան աւելի դժուար խնդիր մըն է, քան Լիպիան, ուր ՕԹԱՆ-ի ուժեր 7 ամիս օդային հարուածներ կատարեցին եւ հարիւրաւոր ռմբաձիգներ շուրջ 7700 ռումբեր նետեցին: Հակառակ անոր որ ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարք Տեմփսի անցեալ շաբաթ ծերակոյտին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ դէմ շարունակական օդային հարուածներ կատարելու կարողութիւնը ունին, սակայն Փենթակոնի պաշտօնատարները մտավախութիւն կը յայտնեն 4 մարտահրաւէրներու գծով, անոնք են` խիտ բնակչութեամբ շրջաններու մէջ զետեղուած Սուրիոյ ռուսական հակաօդային համակարգերը յարձակումի ենթարկելով բազմաթիւ քաղաքային զոհեր պատճառելու վտանգը, պառակտուած ընդդիմութիւնը զինելը, Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ անուղղակի պատերազմի սկսելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ Ասատի վարչակարգին դէմ զինուորական գործողութեան մը մասնակցելու փափաք ունեցող միջազգային դաշնակիցներու բացակայութիւնը:

Պաշտօնատարներէն մէկը նաեւ յայտնեց, որ Սուրիոյ քաղաքայիններուն համար «ապահովական գօտիներ» ստեղծելը այնքան բարդ գործողութիւն մըն է, որ ամերիկացի ռազմավարները ամերիկեան հետեւակ զօրքեր Սուրիա ուղարկելով այդ գօտիները ստեղծելու համար պահելու կարելիութիւնը կը սերտեն:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Օպամայի վարչակազմը Սուրիոյ մէջ զինուորական հաւանական միջամտութեան հարցին շուրջ լուրջ քննարկումներու սկսած է: Օրաթերթը կը նշէ, որ ներկայիս Ուաշինկթընի բոլոր ջանքերը ուղղուած են մարդասիրական օգնութեան տրամադրման եւ սուրիական ընդդիմութեան պառակտուած խումբերու միաւորման:

Օպամա եւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճոն Պայնըր 6 մարտին յայտարարած էին, որ Միացեալ Նահանգներ միակողմանի կերպով Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններ պիտի չգործադրեն, իսկ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահը յայտարարած էր, որ ամերիկեան միջամտութեան նոյնիսկ տեսական հաւանականութեան մասին խօսիլը հաւանական չի նկատեր:

 

Share this Article
CATEGORIES