Թուրքիոյ Ուժանիւթի Նախարարը Իսրայէլէն Բնական Կազի` Թուրքիոյ Ճամբով Եւրոպա Տարանցումը Կը Կապէ Իսրայէլի Կողմէ Ներում Հայցելու Հարցին
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ Կիպրոսէն եւ Իսրայէլէն պեղուած բնական կազի` Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա փոխադրման ծրագիրը կապած է Իսրայէլի կողմէ Թուրքիայէն ներում հայցելուն:
Եըլտըզ նշած է, որ եթէ «Մաւի Մարմարա»-ի հարցը չըլլար, «շրջանին մէջ հասարակաց ծրագիրներ կ՛իրագործէինք: Թուրքիա լաւագոյն ուղիներէն մէկն է, հակառակ անոր որ աւելի դժուար եւ բարդ այլընտրանքներ գոյութիւն ունին»: Ան ընդգծած է, որ «ուժանիւթը պէտք է խաղաղութիւնը խթանող ազդակներէն ըլլայ»:
CATEGORIES Միջազգային