Սաատ Հարիրի Խստիւ Դատապարտեց Հոմսի Դէպքերը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ անդրադառնալով Հոմսի մէջ արձանագրուած ապահովական դէպքերուն, խստիւ դատապարտեց սուրիական վարչակարգին կողմէ քաղաքացիներուն սպանութիւնը:
Ան դիտել տուաւ, որ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին կողմէ Հոմսի մէջ արձանագրուած սպանդները զուգահեռ ընթացած են Կազայի մէջ պատահած իսրայէլեան սպանդներուն:
Հարիրի շեշտեց, որ Հոմսի մէջ արձանագրուած սպանդները նախագահ Ասատի վարչակարգին աւարտը կը խորհրդանշեն: Ան վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը սուրիացի ժողովուրդին, որ կը դիմագրաւէ դժուար հանգրուան մը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց արաբական եւ միջազգային հանրութիւններուն նեցուկ կանգնելու սուրիացիներուն:
CATEGORIES Լիբանանեան