Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Տագնապին Առումով Արեւմուտքը Միայն Քաղաքական Լուծումի Կրնայ Յանգիլ»

Աւարտելէ ետք Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա իր կատարած այցելութիւնը` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց Ալեն Ժիւփէի եւ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկի հետ իր ունեցած հանդիպումներէն մեկնելով կրնայ հաստատել, որ Սուրիոյ տագնապին առումով Արեւմուտքը միայն քաղաքական լուծումի կրնայ յանգիլ, յատկապէս նկատի ունենալով Թունուզի ձախող խորհրդաժողովը, որուն ջանքերուն իբրեւ արդիւնք մէկ հիւանդատար մեքենայ կարելի չեղաւ ուղարկել Պապա Ամրօ:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ քաղաքական երկու տեսակ լուծում կրնայ ըլլալ: Անոնցմէ առաջինը Եմէնի նման կրնայ ըլլալ, այլ խօսքով` նախագահ Պաշշար Ասատը այլ նախագահով մը փոխարինել, եւ կամ Իրանն ու Ռուսիան կրնան պատճառ դառնալ, որ նախագահ Ասատ իշխանութիւնը լքէ:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ արաբական նախաձեռնութիւնը եւ անոր քաղաքական պայմանները քաղաքական իսկական համաձայնութիւն կը ներկայացնեն: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ կարելի չէ զինուորական յեղաշրջում կատարել: «Ցաւ ի սիրտ սուրիական բանակը տակաւին կը մնայ ամուր», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ տիւրզի համայնքը զգուշացուց համայնքային բախումներու միջամուխ ըլլալէ` աւելցնելով, որ ատիկա կը նշանակէ տիւրզի համայնքին մահը: Ան աւելցուց, որ այդ զգուշացումը կը վերաբերի նաեւ քրիստոնեայ համայնքին եւ այլ փոքրամասնութիւններու:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES