«Լիբանանեան Բանակը Բացայայտած Է Սալաֆական Բջիջ Մը, Որուն Նպատակն Էր Պայթումներ Եւ Սպանութիւններ Գործել» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց վարչապետարանի լրագրողները, որոնց հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը բացայայտած է սալաֆական բջիջ մը, որուն հետ համապատասխան բոլոր հետաքննութիւնները կատարած է եւ հետաքննութիւններուն արդիւնքները փոխանցած զինուորական ատեանին:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ սալաֆական այդ բջիջին նպատակն էր պայթումներ եւ սպանութիւններ գործել` աւելցնելով, որ սալաֆական այդ խմբաւորումը կեդրոն ունէր հիւսիսային Լիբանանն ու պաղեստինեան գաղթակայանները եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի սուրիական հարցին հետ:
Վարչապետ Միքաթի նկատել տուաւ, որ կառավարութեան ելեւմուտքի հաշուեկշիռին սրբագրումը հարցերը ճիշդ ուղիի վրայ կը զետեղէ, ինչպէս նաեւ առիթ կու տայ վաւերացնելու պետական պիւտճէի նախագիծը:
Անդրադառնալով Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն եւ Լիբանան մուտք գործող սուրիական բանակէն անջատուած զինեալներուն հարցին` վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ այդ թղթածրարը արդէն իսկ կը գտնուի լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն մօտ եւ եթէ այդ ձերբակալեալները պահանջուին, ապա անհրաժեշտ դիւանագիտական միջոցներով կարելի կ՛ըլլայ յանձնել զանոնք:
Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արգիլելու եւ սանձելու համար Լիբանանէն դէպի Սուրիա զէնքի եւ զինեալներու մաքսանենգումը: «Իսկ Լիբանան հասնող սուրիացի գաղթականներուն առումով կը կարծեմ, որ հարցը բաւական բարդ ձեւով կը ներկայացուի լրատուամիջոցներուն կողմէ», ըսաւ ան` մաղթելով, որ Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան վերջ տրուի եւ սուրիական իշխանութիւնները կարենան լուծել երկրին դիմագրաւած տագնապը:
Անդրադառնալով պետական նշանակումներուն` վարչապետ Միքաթի յոյս յայտնեց, որ այդ նշանակումները մօտիկ ապագային կատարուին:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի իր խօսքը ուղղելով լիբանանցիներուն ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը կայուն է եւ լիբանանցիները պէտք չէ կառչած մնան վախի ու յուսալքումի զգացումին:
Վարչապետը յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի վրայ բանեցուող հսկայ ճնշումներուն, լիբանանցիները իրենց միասնականութեամբ կը դիմագրաւեն իրենց սպառնացող մարտահրաւէրները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Առեւտրական գրասենեակներու արաբական համադաշնակցութեան անդամներուն եւ նախագահին` նախկին նախարար Ատնան Քասսարի:
Ճաշկերոյթին ընթացքին վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ շրջանային իրադարձութիւններուն առնչութեամբ Լիբանան կը վարուի առանցքային քաղաքականութիւններէն անկախ դրութեամբ:
«Հետեւաբար, եթէ ոմանք լիբանանեան ներքին հարցերու եւ միջադէպերու բռնկումին վրայ գրաւներ դրած են, ապա անոնք իրենք զիրենք պիտի գտնեն լիբանանեան միացեալ եւ ամուր կեցուածքի դիմաց», ըսաւ Միքաթի:
Վարչապետարանին մէջ Միքաթի ընդունեց երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհաս, որոնք քննարկեցին 2006-2010 կառավարութեան ելեւմուտքի հաշուեկշիռին պատրաստութեան հարցը:
Հանդիպումէն ետք Քանաան յայտնեց, որ այդ ծրագիրը գրեթէ ամբողջացած է եւ միայն կարիքը կայ ելեւմուտքի նախարարութեան տրամադրելիք հաշուեցուցակներուն:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ վարչապետին հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆլեչըր ընդգծեց Լիբանանի նկատմամբ Լոնտոնի զօրակցութիւնը:


