Տոհայի Մէջ Ռայի Պատրիարքը Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քաթարի Իշխանին Հետ
Աւարտելէ ետք Յորդանան կատարած իր հովուապետական այցելութիւնը` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հովուապետական այլ այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Քաթար:
Տոհայի մէջ Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս` Սուրիոյ զարգացումները:
Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Քաթարի իշխանը համոզուած է, որ ժողովրդավարութիւնը բոլոր ժողովուրդներուն եւ վարչակարգերուն դիմագրաւած հարցերուն լուծումն է: «Ան հաստատեց, որ մենատիրութիւնը շրջանին մէջ տեղ չունի` մաղթելով, որ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակ Քոֆի Անանի առաքելութիւնը յաջողութեամբ աւարտի», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Քաթարի Սայիտաթ Ուարտիէ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց պատարագի մը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ կոչ ուղղեց վերջ տալու բռնարարքներուն եւ պատերազմին: