ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 21 ԱՊՐԻԼԻՆ ՈՒՔՐԱՆԻԱ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԻՐ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉԸ

Ուքրանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հրիկորի Սուրքիս իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ յառաջիկայ 21 ապրիլին երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը պիտի ունենայ իր նոր մարզիչը:

Նշենք, որ Ուքրանիա Լեհաստանի հետ Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքը պիտի հիւրընկալէ:

Ան նշեց, որ այդ պաշտօնին համար նկատի առնուած են երեք թեկնածուներ: Անոնք են` ժամանակաւոր մարզիչ Եուրի Քալիթվինցեւ, Ուքրանիան 2006-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականին հասցուցած Օլեկ Պլոխին եւ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի հաւաքականի մարզիչ Փաւել Եաքովենքօ:

Ըստ ուքրանական մամուլին, նկատի առնուած թեկնածուներուն կարգին է նաեւ իտալացի Մարչելլօ Լիփփի:

Անցեալ օգոստոսին ժամանակաւոր մարզիչ նշանակուած Քալիթվինցեւ մեծ ճնշումի տակ գտաւ ինքզինք, երբ երեք օր առաջ Ուքրանիա, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, իր դաշտին վրայ պարտութիւն մը կրեց Իտալիայէն:

 

Share this Article
CATEGORIES