ԼՈՒՔԱՍ ԵՐԿԱՐ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԵՐԿԱՐՈՂ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ ՀԵՏ
Լիվըրփուլի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող պրազիլցի միջնապահ Լուքաս Լէյվա երկար տարիներու վրայ երկարող պայմանագրութիւն մը ստորագրեց:
Անիկա բաւականացաւ այս յայտարարութիւնը կատարելով` առանց մանրամասնութիւններ տալու անոր ստորագրած պայմանագրութեան մասին:
24 տարեկան Լուքաս յուլիս 2007-ին ժամանեց «Էնֆիլտ»:
Ան այս տարեշրջանին իր ակումբին կատարած 30 մրցումէն 25-ին դաշտ ներկայացաւ եւ իր մասնակցութիւնը բերաւ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Պրազիլ- Սկովտիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:
Այժմ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ վաղը պիտի այցելէ Ուեսթ Պրոմուիչի դաշտը:
CATEGORIES Մարզական