ՀԱՅՐԵՆԻ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐ` ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆՈՒՈՂՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՔԻՆ
Եւրոպայի աղջկանց ֆութպոլի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ա. խմբակին մէջ տեղի ունենալիք Բ. հանգրուանի մրցումներուն նկատի առնուած իրաւարարներուն շարքին են նաեւ հայրենի իրաւարարներ Նելլի Ստեփանեան եւ Լիանա Գրիգորեան:
Այս խմբակին մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան 8-15 ապրիլին, իրարու դէմ պիտի հանեն Իսլանտան, Շուէտը, Անգլիան եւ այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող երկիրը` Լեհաստան:
Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի Ե. խմբակի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 30 մարտէն 6 ապրիլ, նկատի առնուած իրաւարարներուն կարգին են Քնարիկ Գրիգորեան եւ Արաքսիա Սարիբեկեան: Այս խմբակին զտումի մրցումներուն իրարու դէմ պիտի ճակատին Զուիցերիա, Չեխիա, Շուէտ եւ Ուքրանիա (հիւրընկալ երկիրը):
Վերջապէս, 4-10 ապրիլին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունենալիք շրջանային բաժակի մրցաշարքին նկատի առնուած են նաեւ իրաւարարներ Սուրէն Պալիեան եւ Արթուր Մուրատեան: Մասնակցող խումբերն են` Մուրսքա Սոպոթա (Սլովենիա), Սաութ Իսթ (Մակեդոնիա), Քարմիել Սաֆեթ (Իսրայէլ) եւ Անգարա (Թուրքիա):