Ճորճ Շիրնեան Եւ Վահէ Թաշճեան Արժանացան «Հրանդ Տինք» Հիմնարկի Կրթաթոշակին
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի «Պատմութեան հետազօտութիւններու խրախուսման հիմնադրամ»-ի շնորհած կրթաթոշակին այս տարուան դափնեկիրները եղան Ճորճ Շիրնեան եւ Վահէ Թաշճեան: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը:
«Հրանդ Տինք» հիմնարկի համակիր տոքթ. Ալփեր էօքթեմի նախաձեռնութեամբ գոյացած «Պատմութեան հետազօտութիւններու խրախուսման հիմնադրամ»-ը նպատակ ունի յայտնաբերել 1915-ին Օսմանեան տիրութեան մէջ մարդասիրական արարքները:
5 մարտին «Ճեզայիր» շէնքին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ յայտարարութեամբ մը հրապարակուեցան կրթաթոշակի արժանացող ուսումնասիրութիւնները:
Հիմնարկը այս նիւթին շուրջ պաշտօնակարգեց միջազգային ակադեմական դատակազմ մը, որուն մաս կր կազմեն փրոֆ. Թաներ Աքչամ («Գլարք» համալսարան), փրոֆ. Այհան Աքթար («Պիլկի» համալսարան), փրոֆ. Ռայմոն Գէորգեան (Փարիզ-8 համալսարան), փրոֆ. Հանս Ղուկաս Քիեզեր (Ցիւրիխի համալսարան), փրոֆ. Պօղոս Լեւոն Զեքիեան (Վենետիկ Գա Ֆոսքարի համալսարան):
Դատակազմը իրեն ներկայացող գործերր ուսումնասիրեց հետազօտութեան կանոնի, գիտական աշխատանքի չափանիշներու յարմարութեան, մշակուած նիւթի իրաւացիութեան եւ եզակիութեան, կատարուած աշխատանքի բարդութեան իմաստներով: Երկրորդ անգամ շնորհուած կրթաթոշակին այս տարի արժանացան ճորճ Շիրնեան եւ Վահէ Թաշճեան: 2012-ի խրախուսման կրթաթոշակէն օգտուելու համար դիմումին ժամկէտն է 31 օգոստոս 2012-ը:
Լրացուցիչ տեղեկութիւն կարելի է քաղել www.hrantdink.org կայքէջին միջոցով:

