Թուրքիոյ Մէջ Պիտի Ցուցադրուի «Մեծ Խաղ» Հակահայ Ֆիլմաշարը

Թուրքիոյ մէջ կը պատրաստուին ցուցադրելու «Մեծ խաղ» խորագիրով հակահայ ֆիլմաշարը, ուր տեղ պիտի գրաւեն Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնն ու հայերը դաւաճանութեան յանցանքով մեղադրելը:

Թրքական «Կերչեքկիւնտեմ» կայքէջին համաձայն, «Մեծ խաղ» ֆիլմաշարին մէջ պիտի ներկայացուի, թէ ինչպէ՛ս հայերը «դաւաճանած են» Օսմանեան կայսրութեան: Ֆիլմաշարին մէջ տեղ պիտի գտնեն հայերուն եւ ռուսերուն կողմէ թուրքերուն նկատմամբ իրականացուած «դաժանութիւնները»:

Ֆիլմաշարը պիտի պատրաստուի Մուսթաֆա Շահինի դիպաշարի հիման վրայ: Աշխատանքին մէջ իբրեւ խորհրդատուներ հանդէս եկած են դոկտ. Ռեճեփ Քարաքայա, Թալէաթ Ուզունեայլա, Էշրեֆ Էօզիւլթիւլեր եւ օսմանեան արխիւներու մասնագէտ Օրհան Սաքին:

Ֆիլմաշարին հեղինակները յայտնած են, որ «Մեծ խաղ»-ը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելէ ետք զայն պիտի ներկայացնեն միջազգային հանրութեան ուշադրութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES