Բոլոր Հայերուն Հայրենիքը Հայաստանն Է. Հայկական Սփիւռքի Թանգարանի Բացում
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ` այսօր ժամը 14:30-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), նախարարութեան սրահին մէջ պիտի կայանայ «Հայկական սփիւռքի վիրթուալ թանգարան» կայքէջին (armdiasporamuseum.com) շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
«Հայկական սփիւռքի վիրթուալ թանգարան» ծրագիրի կարգախօսը «Հայերը մէկ ազգ են անկախ բնակութեան վայրէն, եւ բոլոր հայերուն հայրենիքը Հայաստանն է» գաղափարն է:
Ծրագիրին նպատակն է նպաստել`
– Դասական եւ նոր սփիւռքի հակազդեցութեան վերացման եւ միասնականութեան,
– Հայրենիք-սփիւռք եւ սփիւռքի հայկական համայնքներու միջեւ ճանաչողութեան մակարդակի բարձրացման եւ համագործակցութեան:
– Հայապահպանութեան, հայոց պետականութեան գիտակցութեան ձեւաւորման ու զարգացման:
CATEGORIES Հայկական