Ակնարկ. «Մեծ Խաղ»-ը Գեղարուեստական Ժխտողականութեան Տարբերակը

Անգարայի հակահայ քաղաքականութիւնը գեղարուեստական բաժին ունի: Ուշագրաւ է թրքական աղբիւրներու կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրը, որ միջազգային հանրութեան ներկայացնելու նպատակով թրքական ֆիլմարուեստը հրապարակ պիտի հանէ «Մեծ խաղ» անունով պատկերասփիւռի յատուկ ֆիլմաշարը:

Լրատուութիւնը ուշադրութիւն կը գրաւէ իր փոխանցած հետեւեալ տեղեկութիւններով:

Ֆիլմաշարը նախ պիտի ցուցադրուի թրքական պատկերասփիւռի կայաններու կողմէ: Վերջաւորութեան կը նշուի, որ անիկա պիտի յանձնուի միջազգային հանրութեան ուշադրութեան: Այս կը նշանակէ, որ հանդիսատես երկկողմանի լսարանի համար պատրաստուած ֆիլմաշար է, որ ներքին սպառումի ծառայելու առընթեր թիրախաւորած է նաեւ միջազգային հանրութիւնը:

Ֆիլմաշարի պատրաստութեան նպաստող աշխատանքի հրաւիրուած խորհրդատուներուն եւ արխիւագէտներուն հանգամանքները մտածել կու տան, որ ֆիլմաշարը ոչ թէ այս կամ  այն ընկերութեան արտադրութիւնն է, այլ  կը վայելէ պետական հովանաւորութիւն, եթէ ոչ ուղղակի անոր նախաձեռնութիւնը:

Ըստ յայտարարուած նպատակին, «Մեծ Խաղ»-ը պիտի բացայայտէ հայերուն «դաւաճանութիւն»-ը Օսմանեան կայսրութեան նկատմամբ եւ թուրքերուն դէմ կիրարկուած հայ-ռուս «ջարդարարութիւնը»:

Գեղարուեստական այս ժխտողականութեան նորագոյն ծրագիրը յստակօրէն իր ներշնչումները ունի պետական քաղաքականութենէն, որ այս ձեւով երկու ուղղութեամբ ոչ միայն ուրացումն ու ժխտումը կը տարածէ, այլ նաեւ յարձակողապաշտութիւն դրսեւորելով զոհը ջարդարար յայտարարելու ֆիլմարուեստի արտադրութիւն կը ցուցադրէ:

Խորագիրը բառացիօրէն այլ հասկացողութեամբ պէտք է ընկալել: Այո՛, մեծ խաղ է տեղի ունեցածը, որուն կանոնները ճշդուած են Անգարայի հակահայկական պետական քաղաքականութեան կեդրոններուն մէջ, որոնք ժխտողականութեան գեղարուեստական բնոյթ տալով կը շարունակեն մոլորեցնել սեփական ժողովուրդն ու միջազգային հանրային կարծիքը:

Ռուսական գործօնի առնչութիւնը այստեղ, թէեւ ունի դասական թուրք պատմագրութեան վարկածային յանկերգում, այսուհանդերձ մտածել կու տայ նման ժամանակի մէջ ռուսական առնչակցութեան ընդգծման քաղաքական նպատակի հետապնդման միտումները:

Հասկնալի է, որ եթէ կը խօսուի հայերու «դաւաճանութեան» մասին, յստակ վերագրում պէտք է կատարել պատմական այդ ժամանակահատուածին ռուս-թրքական պատերազմին եւ յղում կատարել Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիներուն հակառակորդին հետ գործակցելու երեւոյթներուն: Մնալով թրքական արդարացման դասական ոլորապտոյտներուն մէջ, ուրեմն գործակցութիւնն ու դաւաճանութիւնը կը յանգին հակառակորդ ռուսին հետ հայկական ուժերուն թուրքերուն դէմ  գործադրած «ջարդ»-երուն:

Այս բոլորը ի հարկէ կ՛օգտագործուին` արդարացնելու համար «խաղաղ տեղահանութիւններ»-ը, որոնք ի գործ դրուեցան թուրքերուն կողմէ իրենց «դաւաճանած» եւ զիրենք «ջարդած» հայութեան նկատմամբ:

Այս յերիւրանքները պատմական ոչ գիտական քննարկումներու ծառայած էին, (ան) վաւերագրական ժապաւէններու մէջ օգտագործուած էին, քաղաքական յայտարարութիւններուն ընթացքին յաճախ լսուած էին. չէ բացառուած, որ նման ժապաւէններու համար իբրեւ նիւթ ալ ծառայած էին: Այժմ սակայն խորհրդատուական արհեստավարժ խումբով եւ արխիւագէտներով Անգարան հրապարակ կ՛իջնէ ժխտողականութեան իր քաղաքականութեան նոր տարողութիւն տալու եւ նոր մարտավարութեամբ ամբոխներուն վրայ ազդելու մտադրութեամբ:

Ճիշդ է, որ ամբոխային տրամադրութեամբ շարժողն է, որ կ՛ազդուի նման գեղարուեստական ապատեղեկատուութենէ: Այսուհանդերձ հայկական կողմը նման միջոցառումներու դիմաց հաշուի նստելու խնդիր ունի անպայման: Օգտակար են ու նպատակայարմար անշուշտ, հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու կողմէ շրջանային եւ արբանեակային պատկերասփիւռի ընկերութիւններու մօտ կանուխէն բողոքելը եւ արգելակելու փորձ կատարելը, որ «Մեծ խաղ»-ին մէջ չներքաշուին:

Մեզի պակսողը, ոչ միայն հակակշիռ նախաձեռնութիւններու դիմելու առումով միայն, գեղարուեստական նման ժապաւէններու աշխատանքն է, որ այս պարագային ոչ թէ խաղի տեսք ու էութիւն ունի, այլ պատմական ճշմարտացիութեան մը տարածումը թուրք հասարակութեան եւ միջազգային հանրութեան մօտ: Վերնոյի «Մայրիկ»-ը իր գեղարուեստականութեամբ եզակի մնացած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգէ: Գեղարուեստական ժապաւէններու հարթութեան վրայ նոր պատերազմի մը փողերը կը հնչեն Անգարայէն: Ինքնապաշտպանուելու եւ հակայարձակումի անհրաժեշտութեան առջեւ է հայկական կողմը:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES