50 Տարի Առաջ ( 14 մարտ 1962 )
ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը
Թրիփոլիի Մէջ
Ուրբաթ, 2 մարտ 1962-ին տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի ՀՄԸՄ-ի տարեկան ընդհանուր ժողովը, միութեան ակումբին մէջ:
Օրակարգի վրայ էր, ի միջի այլոց ընթացաւարտ Վարչութեան միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ հաշուեկշիռը, որոնց ընթերցումէն ի յայտ եկաւ, որ 1961 տարուան ընթացքին տիրող պայմաններու բերումով վարչութիւնը հրապարակային ձեռնարկներ չէ կրցած ընել եւ միայն գոհացած է մարզական խաղերով:
Ընդհանուր ժողովը կարգ մը լուսաբանութիւններէ ետք միաձայնութեամբ գոհացուցիչ գտաւ Վարչութեան 1961 տարուան նիւթական եւ բարոյական գործունէութիւնը: Օրուան դիւանի կողմէ նախագահ Սիմոն Թերճանեան` խօսքը երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներուն ուղղելով լայնօրէն բացատրեց միութեան առաքելութիւնը գաղութահայ կեանքին մէջ, յիշեց հիմնադիրներուն զոհաբերութիւնը, որուն շնորհիւ աւելի քան 45 տարիէ հաստարմատ կաղնիի նման կանգուն կը մնայ որպէս մեր տարագիր կեանքի մարզական ջահը, եւ թելադրեց հաղորդուիլ հիմնադիրներու զոհաբերութեան ոգիէն` հաւատարիմ ըլլալ ՀՄԸՄ-ի իտէալին եւ աշխատիլ անոր զարգացման եւ բարձրացման ի խնդիր: Քարտուղար Երջանիկ Տնկեկեան ներկայ ժողովականներուն թելադրեց ըլլալ գիտակից, պարտաճանաչ, հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ական եւ Թրիփոլիի մէջ միութեան բարձրացման եւ յառաջդիմութեան ուժ տուողներ, որպէսզի հասնող նոր սերունդը իրենց օրինակին հետեւելով կապուած մնայ այս մեծ մարզական ընտանիքին:
Իր կարգին Գեղամ Գաբրիէլեան խօսք առնելով յայտարարեց.- Իւրաքանչիւր անհատ ընտանիք կամ կազմակերպութիւն իրենց կեանքի գոյութեան անխուսափելիօրէն կ՛ունենան դժուարութիւններ, նոյնիսկ մահացու հարուածներ զանազան ձեւերու եւ պայմաններու տակ ՀՄԸՄ-ն ալ իր 45 տարիներու մէջ անցած է շատ մը փոթորիկներէ, սակայն ՀՄԸՄ-ը իր ծննդեան առաջին օրէն մինչեւ այսօր կը մնայ օրէնքի եւ կարգապահութեան ծանր վէմը եւ զայն բաժնելու, տկարացնելու եւ կամ խորտակելու ամէն շարժում միշտ դատապարտուած է փոշիանալու:
Ապա, ընդհանուր խանդավառութեան մէջ ժողովականները որոշեցին 1962 տարուան վարչութիւնը ընտրել ձեռամբարձ քուէարկութեամբ. դիւանը ընդունելով եղած առաջարկը, ներկայացուած ցանկը ձեռամբարձ քուէարկութեան դրաւ, որը միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ ընդհ. ժողովէն: Վարչականներ ընտրուեցան եղբայրներ տոքթ. Յակոբ Փափազեան, Երջանիկ Տնկեկեան, Մանուկ Այվազեան, Անդրանիկ Սրապոնեան, Վարուժան Թաւլեան, Կարպիս Եղոյեան եւ Գրիգոր Թելեան
ԹՂԹԱԿԻՑ
Գրական Դատավարութիւն
Ս. Ք. Մանկանց եւ Ազգ. Նուպարեան վարժարաններու Շրջ. Միութեանց կողմէ կազմակերպուած գրական դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 4 մարտ 1962 կ. ե. ժամը 3:30-ին ժողովրդային տան սրահին մէջ, ուր կանուխէն հաւաքուէր էին անդամ-անդամուհիներ:
Բարսեղ Չաքմաքեան հաւաքոյթը բացուած յայտարարելէ ետք, հակիրճ տողերով ներկայացուց երկու քոյր միութիւններու կողմէ ընդունուիլը այս գեղեցիկ գաղափարին, որուն միակ նպատակն է սերտ յարաբերութիւն մշակել եւ մշակութային ձեռնարկներ հրամցնել հանրութեան:
Դատավարութեան նախագահեց Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան, ուրախութեամբ քաջալերեց եղբայրական եւ գործակցական ոգին կազմակերպելու նման ձեռնարկներ, որոնք կը սատարեն մտային զարգացման բարգաւաճումին եւ կ՛արթնցնեն գիտակցութիւն աշխատելու, օրինակ դառնալով այլոց:
Էօժէնի Աւագեան ամփոփ, բայց պատկերալից եւ գրական ոճով մը ըրաւ նկարագրութիւնը Կոստան Զարեանի «Տատրագոմի հարս»-ին, որուն մէջ կը ծեծուէին Յովան թէ Սանան: Պաշտպանողներ Նորա Մխիթարեան եւ Յովհաննէս Կիւրիւնլեան, ամբաստանողներ` Տիրուհի Սամանճեան եւ Կարօ Եզնիկեան:
Օր. Նորա Մխիթարեան փաստացի տուեալներու վրայ հիմնուելով կնոջական բնազդը յատկանշող, անոր զգացումները արտայայտող պատկերալից ու տպաւորիչ ճկունութեամբ եւ անթերի առոգանութեամբ ոդիսականը հանդիսացաւ Սանային: Տիրուհի Սամանճեան պատշաճ կերպով պատրաստած էր իր թեզը, ապա լսուեցան իրենց թեր ու դէմ կարծիքներով Յովհ. Կիւրիւնլեան եւ Կարօ Եզնիկեան: Երկու կողմերն ալ աչալուրջ պրպտումներ կատարած էին, յաղթութեան դրօշակը տանելու համար:
Դատական խորհուրդը` Արուսեակ Քերոբեան, Մարի Սարգիսեան, Կարպիս Գազանճեան, Վահան Իսփէնճեան եւ Գրիգոր Նքրուրեան, լսելէ վերջ երկու կողմերու թեր ու դէմ կարծիքները, առանձնացան տալու համար իր վճիռը: Մինչ այդ կատարուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը:
Դատական կազմը երկար վիճաբանութիւններէ ետք, յանգեցաւ հետեւեալ եզրակացութեան.
Ա.- «Թէ` Յովան քաջ եւ հայրենասէր ֆետայի մըն էր անկասկած:
Սասան ունի իր մեղմացուցիչ պարագաները, անչափահասութիւն, մխիթարանքի պակաս, զրկանք զաւկէ մը եւ գիւղին դատապարտելի մտայնութիւնը:- Թէ Սասան անմեղ զոհ մըն էր»:
Եւ այսպէսով վերջ գտաւ գրական դատավարութիւնը հաճելի տպաւորութիւններ ձգելով ներկաներուն վրայ:
Յ. Կ.

