2014-Ի ՄՈՆՏԻԱԼԻ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՍԻՈՅ ԳՕՏԻ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ Բ. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑԱԿԻՑԸ` ՊԱՆԿԼԱՏԵՇ ԿԱՄ ՓԱՔԻՍՏԱՆ
Նախորդ շաբաթ օր Քուալա Լամփուրի մէջ տեղի ունեցաւ Ասիոյ գօտիի 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Ա. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 16 խումբերու մասնակցութեամբ: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 29 յունիսին, իսկ դարձի մրցումները` 3 յուլիսին:
Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ մրցաշարքը պիտի սկսի Բ. հանգրուանէն, իրենց մրցակից պիտի ունենայ Պանկլատեշը կամ Փաքիստանը: Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսին, իսկ դարձի մրցումները` 28 յուլիսին:
Ստորեւ կու տանք Բ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը.
Թայլանտ – Աֆղանիստան կամ Պաղեստին
Լիբանան – Պանկլատեշ կամ Փաքիստան
Չինաստան – Քամպոտիա կամ Լաոս
Թուրքմենիստան – Ինտոնեզիա
Քուէյթ – Սրի Լանքա կամ Ֆիլիփեան կղզիներ
Օման – Մոնկոլիա կամ Միանմար
Սէուտական Արաբիա – Հոնկ Քոնկ
Իրան – Մալտիւեան կղզիներ
Սուրիա – Տաճիկիստան
Քաթար – Վիեթնամ կամ Մաքաու
Իրաք – Եմէն
Սինկափուր – Մալեզիա կամ Թայուան
Ուզպեքիստան – Խըրխըզիստան
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ – Հնդկաստան
Յորդանան – Նեփալ կամ Արեւելեան Թիմոր