Մարին Լը Փեն Ֆրանսայի Նախագահութեան Թեկնածու Պիտի Առաջադրուի

Մարին Լը Փեն

Ֆրանսայի ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային ճակատ կուսակցութեան ղեկավար Մարին Լը Փեն ապահոված է Ֆրանսայի նախագահութեան թեկնածու առաջադրուելու համար անհրաժեշտ 500 ստորագրութիւնները: Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը կը գրէ, որ ան ըսած է. «Ես 500 ստորագրութիւն ունիմ եւ նախագահական ընտրութեան թեկնածու պիտի ըլլամ»:

Հակառակ այն յայտարարութիւններուն, թէ Լը Փեն միլիոնաւոր ֆրանսացիներու աջակցութիւնը ունի, ստորագրահաւաքը դիւրութեամբ չէ անցած, ժամկէտին աւարտէն քանի մը շաբաթ առաջ աջակողմեան ընդդիմութիւնը յաջողած էր հաւաքել ընդամէնը 450 ստորագրութիւն:

Ըստ հարցախոյզներու, թեկնածուներու ցանկին վրայ Մարին Լը Փեն կը գրաւէ երրորդ դիրքը եւ ունի ձայներու 20 առ հարիւրը: Աղիւսակի առաջին դիրքը կը գրաւէ Ընկերվարական կուսակցութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլլանտ, իսկ երկրորդ դիրքը` Նիքոլա Սարքոզի:

Սակայն «Եուրոնիուզ» կը հաղորդէ, որ ըստ Ֆրանսայի մէջ կատարուած վերջին հարցախոյզներուն, գործող նախագահ Նիքոլա Սարքոզի վարկանիշով իր հիմնական մրցակից Հոլլանտէն յառաջ անցած է:

Կ՛ենթադրուի, որ Սարքոզիի վարկանիշին աճը արդիւնք է անոր վերջին սուր յայտարարութիւններուն` մասնաւորաբար Շենկենի գօտիէն դուրս գալու եւ հարկային դաշտին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ:

Հոլլանտ, որ կը նկատուէր ընտրապայքարի յառաջատարը, քննադատած է նախագահի վերջին յայտարարութիւնները` պնդելով, որ Սարքոզի յստակ մշակուած նախընտրական ծրագիր չունի:

Share this Article
CATEGORIES