Անգարայի Մէջ Սվազի Ցեղասպանութեան Շուրջ Դատարանի Որոշումին Պատճառով Անկարգութիւններ

«Մենք ալեւի ենք»

Անգարայի ծանր յանցագործութիւններու 11-րդ դատարանը որոշած է կրճատել Սվազի ցեղասպանութեան գործը: Դատարանի հիմնաւորման մէջ կ՛ըսուի, որ 7 մեղադրեալներէն երկուքը արդէն մահացած են, իսկ միւս 5-ին նկատմամբ կիրարկուած է ժամկէտի վաղեմութեան գործօնը:

2 օգոստոս 1993-ին Սվազ քաղաքին մէջ իսլամականներու բողոքի գործողութիւններուն զոհ գացած էին ալեւի մտաւորականներ: Մատըմաք պանդոկին մէջ հաւաքուած 37 ալեւի մտաւորականները` հիմնականին մէջ գրական աշխարհի ներկայացուցիչներ, սպաննուած էին իշխանութիւններու ոչ բաւարար ուշադրութեան պատճառով:

Թրքական դատարանի` երէկ արձակած վճիռին պատճառով Անգարայի փողոցներուն մէջ ցոյցեր սկսած են: Ոստիկանութիւնը ցուցարարները ցրուելու համար արցունքաբեր կազ, ջրաշիդ մեքենաներ եւ մահակներ կիրարկած է: Ցուցարարներուն բարձրացուցած պաստառներուն վրայ գրուած էին կարգախօսներ, ինչպէս` «Մենք ալեւի ենք»:

Ըստ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի, դատավարութեան կրճատումն ու մեղաւորները չպատժելը «Թուրքիոյ բիծն է»: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան լրագրողներուն հարցումին պատասխանելով յայտնած է. «Մեր ժողովուրդին համար, մեր պետութեան համար թող բարին ըլլայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES