Կազայի Մէջ Զինադադար Հաստատուեցաւ
Կազայի մէջ չորսօրեայ մահասփիւռ բախումներէ ետք պաղեստինցի զինեալներու եւ Իսրայէլի միջեւ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ զինադադար մը հաստատուեցաւ: Զինադադարը ուժի մէջ մտաւ երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 1:00-ին:
Իսրայէլացի նախարար Մաթան Վիլնայ յայտնեց, որ բռնարարքները «կը թուին մեր ետին ըլլալ»: Ուրբաթ օր ընթացք առած բախումներուն պատճառով առնուազն 25 պաղեստինցի զոհեր եւ 35 իսրայէլացի վիրաւորներ արձանագրուեցան: Բախումներուն դրդապատճառը իսրայէլեան օդուժին կողմէ Կազայի մէջ պաղեստինեան Ժողովրդային դիմադրութեան յանձնախումբեր զինեալ խմբաւորման մարտական հրամանատարներէն մէկուն ահաբեկումն էր:
Համասէն պաշտօնատարներ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեցին, որ Իսրայէլ համաձայն գտնուած է Կազայի մէջ զինեալ խմբաւորումներու ղեկավարներ չահաբեկել, եթէ Հարաւային Իսրայէլի դէմ պաղեստինեան հրթիռարձակումները դադրին: Իսլամական Ժիհատ ու Ժողովրդային դիմադրութեան յանձնախումբեր կազմակերպութիւնները եւ ոչ թէ Համաս ստանձնած են հրթիռարձակումներու պատասխանատուութիւնը: