Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Զիատ Մաժալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ կէսօրէ ետք թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի, Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի, Իքլիմ Թուֆֆահի, Մերժահիունի, Հասպայայի եւ Ժեզզինի վերեւ:

«ՊԻՆԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական աղբիւրներէն, նշած է, որ երէկ երեկոյեան ապահովական ուժերը Պեքաայի մէջ կրցած են ձերբակալել քաթարեան զինեալ խմբաւորում մը, որ կը փորձէր Սուրիա անցնիլ: Ըստ նոյն աղբիւրներուն, քաթարցի չորս զինեալները Պէյրութ ժամանած էին եւ Հիւսիսային Լիբանանի «Քոալիթի ին» պանդոկին մէջ մնացած էին քանի մը օրուան համար: Անոնց մօտ գտնուած են արդի բջիջային հեռախօսներ, որոնք բովանդակած են ականներ պատրաստելու յատուկ սարքեր եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող զինուորական կեդրոնները ցոյց տուող քարտէսներ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի այցելուները յայտնած են, որ 11 միլիառ տոլարի մասին ելեւմուտքի հաշուեկշիռը տակաւին չէ պատրաստուած:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին երեսփոխաններ Սաատ Հարիրին եւ Ուալիտ Ժոմպլաթը, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը ամբաստանեց սալաֆական բջիջներու կազմութեան զօրակցելու յանցանքով: Նշենք, որ այդ բջիջներուն նպատակն էր լիբանանեան բանակին դէմ գործողութիւններ կատարել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր յայտնեց, որ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ տարակարծութիւններ կամ հարցեր չկան, այլ` կան բնականոն յարաբերութիւններ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Աքքարի նախկին միւֆթի Ուսամա Ռիֆայիի մտերիմ հինգ կրօնաւորներ գողութեան յանցանքով դատական հարց յարուցած են հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի զաւկին` Ռաղեպ Քապպանիի դէմ: Ընդհանուր դատախազ Սայիտ միրզա հաստատած է, որ նման դատական հարց մը յարուցուած է, սակայն մերժած է բացայայտել անոր մանրամասնութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի վերատեսութեան ենթարկեց իր հրաժարականը ներկայացնելու գաղափարը, որովհետեւ Աքքարի բարգաւաճման նպատակով տրամադրուած է 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ գումար մը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, երէկ երեկոյեան տասնեակ մը սուրիացի ընտանիքներ հասած են հիւսիսային Լիբանան` փախուստ տալով Հոմսէն:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է պարկեշտ ըլլայ 11 միլիառ տոլարի ելեւմուտքի հաշուեկշիռը մշակելով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախկին ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար Ուիսամ Իտի սպանութեան յանցանքով լռելեայն Հըզպալլան ամբաստանած է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ Քանատա իր այցելութիւնը քաղաքական բնոյթ ունէր:

ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթին, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարը վաղը պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի ժամանէ Լիբանան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը քրիստոնեաները վտանգներու դէմ յանդիման կը դնէ` աւելցնելով, որ «անոր կեցուածքները մեր պատմութեան հարուած կը հասցնեն»:

Միւս կողմէ, Պքերքէի յատուկ աղբիւրներ «Նաշրա» կայքէջին յայտնեցին, որ Մարոնի պատրիարքութիւնը անյապաղ պիտի պատասխանէ Ժահժահի:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ գտնուող սնունդի մթերանոցէ մը 20 թոն փճացած ձկնեղէն, հաւ եւ սառած բանջարեղէն բացայայտուեցաւ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սայտայի մէջ գրաւեց «Փիք ափ» տիպի ինքնաշարժ մը, որ դուրս կու գար Այն Հելուէ պաղեստինեան գաղթակայանէն եւ բեռցուած էր զէնքով ու զինամթերքով:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ մեկնեցաւ Յորդանան, ուր պիտի մասնակցի արաբ առոջապահութեան նախարարներու խորհրդաժողովին:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Կազայի դէմ գործուող իսրայէլեան ռմբակոծումները` նշելով, որ շրջանին մէջ սպանութեան վարչակարգերը իրարու համազօր են:

 

Share this Article
CATEGORIES