ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՓԼԱՄՊԼԻԻ ՀԵՏ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:
Հանդիպումին մասին Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ քննարկուած են հարաւային Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:
Ֆինիւլ–Ի Մաս Կազմող Ֆրանսական
Ուժերուն Թուաքանակը Պիտի Նուազի
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ յառաջիկայ ապրիլէն սկսեալ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասին թիւը 400 զինուորով պիտի նուազի եւ մինչեւ ամառ պիտի դառնայ հազար զինուոր:
CATEGORIES Լիբանանեան

