Հանրապետութեան Միւֆթին Ընդունեց Սուրիոյ Դեսպանը

Միւֆթի Քապպանի եւ Սուրիոյ դեսպանը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Թալլաթ Խայեաթի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ սուրիական յարաբերութիւններն ու Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է լիբանանեան եւ սուրիական ազգային միասնականութեան նկատմամբ յանձնառութեան կարեւորութիւնը:

Դեսպան Ալի շեշտեց, որ Սուրիա կը պայքարի ընդդէմ ապօրինի ուժերուն, որոնք կը գործեն արտաքին ուժերու ֆինանսաւորումով, զէնքերով, թմրեցուցիչ դեղահատերով, դրամով եւ անոնց լրատուամիջոցներուն կատարած ապատեղեկատուութեամբ:

Ան դիտել տուաւ, որ այս նենգութիւնը ընկալուած է սուրիական ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ առաւելագոյն զգուշաւորութեամբ:

ՆՇԵՆՔ, որ միւֆթի Քապպանիի բնակարանը գտնուած ընթացքին խումբ մը ընդդիմադիր սուրիացիներ բողոքի ցոյց մը կատարեցին: Անոնք միւֆթի Քապպանիի եւ Սուրիոյ դէմ կարգախօսներ բարձրացուցին:

Պուսթրոս Պալատին Մէջ

Դեսպան Ալի այցելեց նաեւ Պուսթրոս պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրի հետ:

Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Մանսուրի հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Ան նշեց, որ ինք ողջունած է լիբանանեան բանակին կողմէ ահաբեկչական ցանցին բացայայտումը, ինչ որ կանխարգիլեց Լիբանանի դէմ գործուելիք դաւադրութիւնները:

Ալի դիտել տուաւ, որ հանդիպումին քննարկուած են նաեւ լիբանանեան-սուրիական սահմանային իրավիճակը եւ զգուշ հսկողութեան անհրաժեշտութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES