Նախարար Սապունճեան Բացումը Կատարեց «Մաքուր Արտադրութիւն» Խորագիրը Կրող Ուըրքշափին

Ուըրքշափի բացման պաշտօնական հանդիսութենէն պահ մը

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ Ատմայի «Սան Հիլ» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց «Մաքուր արտադրութիւն» խորագիրը կրող ուըրքշափին, որուն ընթացքին յայտնեց, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը կը շարունակէ կազմակերպել յատուկ խորհրդաժողովներ, որոնց ընթացքին կ՛արծարծուին ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր եւ համապատասխան լուծումներ:

Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ պահանջուածը ճարտարարուեստի եւ առեւտրական մարզերուն մէջ փտած անձնաւորութիւններուն շրջափակումն է, որպէսզի կարելի ըլլայ արգիլել անոնց կողմէ Լիբանանի պատկերին աղաւաղումը:

Ճարտարարուեստի նախարարը դատական իշխանութիւններէն պահանջեց պատժել փտածութեամբ ամբաստանուած կողմերը, որպէսզի ոչ ոք համարձակի անոնց օրինակին հետեւիլ` զգուշանալով հաշուետուութենէ:

 

Share this Article
CATEGORIES