«Պէտք Է Զգուշանալ, Որովհետեւ Ահաբեկչութիւնը Անկրօն Է» Շեշտեց Փ. Մանճեան

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ահաբեկչութենէն զգուշանալ, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը անկրօն է:

Փ. Մանճեան ողջունեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը, անոր սպայակոյտն ու զինուորները, որոնք կրցած էին բացայայտել ահաբեկչական բջիջ մը, որ կը միտէր հարուածել բանակը:

Այս ծիրին մէջ Փ. Մանճեան կոչ ուղղեց բանակին զգուշանալու եւ նախազգուշական բոլոր միջոցառումներուն դիմելու:

Անդրադառնալով լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուած փճացած սննդեղէնին` Փ. Մանճեան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է այդ թղթածրարը մինչեւ վերջ հետապնդել եւ այդ սննդեղէնին իբրեւ հետեւանք տուժող կողմերը հատուցել:

Հանրապետութեան նախագահին կողմէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ղեկավարները երկխօսութեան հրաւիրելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Փ. Մանճեան շեշտեց, որ առանց նախապայմանի երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է` լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ յարաբերութիւններու ձիւնհալ մը կատարելու համար: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի հարցերը լուծելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է եւ փոխըմբռնումը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES