Նախագահ Սլէյման Ողջունեց Ահաբեկչական Ցանցին Բացայայտումը Եւ Զօրակցութիւն Յայտնեց Մարոնի Պատրիարքին

Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ողջունեց լիբանանեան բանակին կողմէ ահաբեկչական արմատականներու ցանցին բացայայտումը` ընդգծելով զանոնք եւ անոնց մեղսակիցները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք, որոնք լիբանանեան բանակին եւ անոր միասնականութեան դէմ հարուածներ կը փորձեն հասցնել, հաշուետուութեան կանչելու անհրաժեշտութիւնը:

«Լիբանանեան բանակը միշտ ալ փաստած է, որ ինք կը գործէ բոլոր լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի գերագոյն շահերուն ի խնդիր, ինչպէս նաեւ երաշխիքն է լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութեան, ազատութեան, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ ծայրայեղութեան սանձումին», շեշտեց նախագահ Սլէյման:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Քննարկուեցան ահաբեկչական այդ ցանցին վերաբերող մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ գծով տակաւին ընթացքի մէջ եղող հետաքննութիւնները:

Նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց նաեւ Մարոնի պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Ռոլան Ապու Ժաուտէ եպիսկոպոսը, որուն ընկերակցեցան նոր ձեռնադրուած առաջնորդներ Միշել Աուն, Մունիր Խէյրալլա եւ Էլիաս Սլէյման եպիսկոպոսները:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման ողջունեց եւ դրուատեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ջանքերը` Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին ազատութեան պահպանման ի խնդիր:

Նախագահ Սլէյման զօրակցութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն, աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններուն, յատկապէս քրիստոնեայ համայնքին գոյութիւնը երաշխաւորելու առումով անոր նախանձախնդրութեան:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Իրանի նախագահի տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Ճիւանֆեքր` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:

Հանդիպումին ընթացքին Ճիւանֆեքր նախագահ Սլէյմանին փոխանցեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի ողջոյնները եւ հաստատեց, որ Թեհրան կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին:

 

Share this Article
CATEGORIES