«Թուրքիա Ուշադրութեամբ Կը Հետեւի Ղարաբաղի Շուրջ Զարգացումներուն» Կ՛Ըսէ Պեքիր Պոզտաղ
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ Պաքուի մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ Հայաստան երկար տարիներէ ի վեր եւ միջազգային իրաւունքին հակառակ կը շարունակէ Ազրպէյճանի տարածքներուն բռնագրաւումը, հետեւաբար պէտք է վերադարձնէ զանոնք:
«Ղարաբաղը ազրպէյճանական հող է, եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը մեր ընդհանուր խնդիրն է», 1news.az կայքէջին համաձայն ըսաւ Պոզտաղ:
Ան նշեց, որ Թուրքիա ուշադրութեամբ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ իրավիճակի զարգացման:
Թուրքիոյ փոխվարչապետը այցելութեան շրջագիծին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան հետ:
CATEGORIES Հայկական