Վաղը` Հինգշաբթի, 15 Մարտին Պաշտօնական Բացում` Միջազգային Համալսարաններու 2012-ի Պէյրութի Մարզական 3-րդ Մրցաշարքին

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի եւ կազմակերպութեամբ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարզական բաժանմունքին, վաղը` հինգշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ պաշտօնական բացումը Միջազգային համալսարաններու 2012-ի Պէյրութի մարզական 3-րդ մրցաշարքին:

Այս մրցաշարքը կ՛ընդգրկէ տարբեր տեսակի մարզաձեւեր, որոնց կարգին` ֆութսալ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ, փինկ փոնկ, թենիս եւ այլ տեսակի մարզաձեւեր:

Նշենք, որ այս մրցաշարքին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ «Քամփիւս տը Լ՛ենովասիոն է տիւ Սփոր»-ի մէջ (թանգարանին մօտ, ներքին ապահովութեան ուժերուն կեդրոնատեղիին դիմաց):

 

Share this Article
CATEGORIES