Յառաջիկայ 15 Մարտին 2011 Տարուան Հրացանաձգութեան Մրցանակաբաշխութիւն
Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ յառաջիկայ 15 մարտին տեղի պիտի ունենայ 2011 տարուան հրացանաձգութեան մրցանակաբաշխութիւնը:
Այս մրցանակաբաշխութեան ընթացքին պիտի պարգեւատրուին թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային մրցաշարքերու ընթացքին առաջին երեք դիրքերը գրաւած անձերը:
Նշենք, որ այլ երկիրներու նման, Լիբանան եւս կը կազմակերպէ հրացանաձգութեան ախոյեանութիւն, եւ անիկա մարզաշխարհին մէջ կը նկատուի կարեւոր մարզաձեւ մը, թէեւ շատեր այդքան ալ հետաքրքրուած չեն այս մարզաձեւով:
CATEGORIES Մարզական