Թենիս. Փոքրերու Դասընթացքներ Եւ Մարզիչներու Դասաւանդութիւններ` «Քաունթրի Լոճ»-ի Մէջ

Կազմակերպութեամբ «Քաունթըրի լոճ» համալիրին (Պսալիմ), հովանաւորութեամբ «Ուիլսըն» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, յառաջիկայ 9-13 ապրիլ 2012-ին, վերոնշեալ համալիրի թենիսի դաշտերուն վրայ, տեղի պիտի ունենան 7-14 տարեկան երկսեռ փոքրերու թենիսի դասընթացքներ, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 14:00:

Ասոր զուգահեռ, նոյն այս ժամանակամիջոցին տեղի պիտի ունենան մարզիչներու դասաւանդութիւններ` հսկողութեամբ հոլանտացի մարզիչ Մարք Լիւյքի, որ հոլանտական միջազգային հանրածանօթ «Կունկ Հօ» ակադեմիային տնօրէնն է:

Բոլոր անոնք, որոնք հետաքրքրուած են վերոնշեալներով, իրենց անունները արձանագրելու համար կրնան հեռաձայնել հետեւեալ երկու թիւերէն որեւէ մէկուն. 03-323242 եւ 03-034609:

Share this Article
CATEGORIES