Մերօրեայ Մտորումներ. Խիստ Բարութիւն (Գ.)
ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ
Ո՛վ չի սիրեր բարին, բարիքը, սակայն այս բառերը հետզհետէ կը դառնան ժամանակավրէպ, կը պարպուին իրենց իմաստէն ու խորհուրդէն, մեր կեանքի այժմու պայմաններու բերումով, ինչպէս նաեւ` ընդհանուր մթնոլորտի ազդեցութեամբ:
Թիւր իմացութիւնն ու արժեւորումը յիշեալ բառերուն նաեւ կը ստեղծեն շփոթ: Հաճելի չէ երբեք տեսնել մանուկ մը, որ անպաշտպան վիճակի մատնուած` կը քաշքշուի դպրոցի բակի մը, փողոցի մը մէկ անկիւնը: Կ՛ուզես, որ ինքզինք, իր իրաւունքը պաշտպանելու չափ քաջ մեծնայ իւրաքանչիւր մանուկ:
Յարգելի եկեղեցական մը, բնորոշելով «բարին», կ՛ըսէր, որ ան օժտուած պէտք է ըլլայ բարեփոխելու կարողութեամբ: «Բարին» երբեք չէ հլու հնազանդ այն անձը, որ կ՛ընէ այն, ինչ որ կը թելադրուի իրեն: Բարութեան մարմնացումը կը գտնէր Քրիստոսի անձին մէջ, որ սիրոյ վարդապետութիւնը հաստատեց, նաեւ օգտագործեց մտրակ` մաքրագործելու համար հօրենական իր տաճարը:
Նորօրեայ մեր կեանքին մէջ շատ կը խօսուի մանուկներու իրաւունքներուն, խստութեամբ չվարուելու, ազատ մտածողութեան վարժութեան անհրաժեշտութեան մասին: Աւելի քան որեւէ ժամանակ, այսօրուան մանուկը առանցքային ուշադրութեան առարկայ է մեր կեանքի պայմաններու բերումով, ինչպէս նաեւ` «մեծ ընտանիք» հասկացողութեան տեղատուութեամբ: Ընտանեկան փոքր օղակին մէջ հասակ առնողները ունին իրենց առանձնասենեակները, համակարգիչը, խաղալիքները…
Հեքիաթներու մեր պարիկները գաւազանի մէկ հպումով կը կերպարանափոխէին եւ կը գեղեցկացնէին աշխարհը: Լուցկի ծախող աղջնակը վառած իւրաքանչիւր իր ցպիկով կը ստեղծէր երազային աշխարհ մը: Այսօրուան տիպարները` արագաշարժ, ճարպիկ, աղմկարար եւ ընդհանրապէս յաղթող են: Դիպաշարի սահմանափակուածութիւնը կ՛ամբողջացուի, կ՛ողողուի ձայնով, գոյնով, արհեստագիտական դարու բոլոր «բարիք»-ներով:
Որոնք են այսօր մեր մանուկներուն հերոսները: Քիչ մը` «Պարպի», «Տորա»… Աւելի մեծահասակները` նշանաւոր ֆութպոլիստ մը, Շումախըր…: Ժամանակը անխնայ է եւ փոփոխութիւնները անխուսափելի են, սակայն մերօրեայ միայն նիւթական բաւարարութեան ապաւինիլը, հետեւողութեամբ շրջապատի կամ հատուցելու հեւքով երբեմնի զրկանքները, մեղսակից կը դարձնեն մեզ` միայն երեւոյթները արժեւորող սերունդի մը ձեւաւորման մէջ, որ այնքան լաւ վարժութեանը մէջն է` իր պահանջները բանաձեւելու, ներկայացնելու:
Ծեծը նուաստացնող իր դերակատարութեամբ նաեւ բացառուած պէտք է ըլլայ ընտանեկան յարկերէն ներս ալ: Հօրենական մեր աւանդները վերահաստատելու համար իւրաքանչիւր տան ոսկեայ օրէնքները անհրաժեշտ է վերարժեւորել:
Որքա՞ն ժամանակ կը տրամադրեն մեր ծնողները իրենց զաւակներուն: Արդեօք ընտանեկան մեր յարկերէն ներս կը տիրէ՞ սիրոյ այն ջերմ մթնոլորտը, դիւրացնող` ամենադժուար պարտականութիւններն իսկ: Անհատնում նուէրները արդեօ՞ք կը փոխանցեն բաւարարութիւն: Կա՞յ ձանձրոյթ մեր մանուկներու կեանքին մէջ: Արդեօ՞ք մեր ծնողները առաջնորդողի իրենց դերակատարութեան մէջն են, թէ՞ ձանձրացած իրենց զաւակներու պնդումէն` տեղի կու տան: «Խօսք չեմ կրնար հասկցնելը» սկսած է սովորական արտայայտութիւն դառնալ մեր կարգ մը ծնողներու շրթներուն:
Մանուկը` վաղուան մեր հայրը, մայրը լիիրաւ անձ մը ըլլալուն չենք տարակուսիր, սակայն բաւարարութեան պայմաններու խախտումով` «Տուն» բառը հետզհետէ կը պարպուի իր խորհուրդէն: