Նորա Արիսեանի Հետ Հարցազրոյց` «Սաուրա» Օրաթերթին Կողմէ

«Սաուրա» սուրիական օրաթերթին կողմէ ամիսներ առաջ հրապարակուեցաւ Նորա Արիսեանի հետ կատարուած հարցազրոյց մը, որուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան Ն. Արիսեանի աշխատանքը եւ ստանձնած առաքելութիւնը` իբրեւ Սուրիոյ քաղաքացի եւ սուրիահայ:

Հարցազրոյցին ընդմէջէն Ն. Արիսեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ դատի հետապնդման ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքներուն եւ այս թեմայով գիրքերու խմբագրութեան, ինչպէս նաեւ` կատարած ուսումնասիրութիւններուն եւ թարգմանական աշխատանքներուն:

Հարցազրոյցին ընթացքին Ն. Արիսեան ընդգծեց, որ ինք դամասկոսցի է, միաժամանակ` հայ, հետեւաբար իր կեանքին մէջ որոշ հանգրուանի մը ընթացքին երկուութիւն ապրած է, սակայն այդ երկուութեան զգացումը ինք կրցած է վերածել դրական քայլի մը եւ ամէն ջանք ի գործ դրած` կամրջելու արաբական եւ հայկական մշակոյթը:

Նորա Արիսեան աւարտած է Դամասկոսի ֆրանսական գրականութեան բաժանմունքը եւ ապա դարձած` ֆրանսերէնի ուսուցչուհի, ինչպէս նաեւ ստանձնած է Դամասկոսի հայկական դեսպանատան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատուի պաշտօնը, որ կը վարէ 15 տարիէ ի վեր:

Հարցազրոյցը կ՛անդրադառնայ նաեւ Ն. Արիսեանի պատմական ուսումնասիրական աշխատանքներուն, որոնց իբրեւ արդիւնք` ան հրատարակած է իր առաջին գիրքը` «Ղաուայէլ ֆի ֆըքրէլ սուրի»:

Այս ծիրին մէջ Նորա Արիսեան շեշտեց, որ ցեղասպանութեան մը ճանաչումը կը կանխարգիլէ այլ ցեղասպանութիւններ գործելու արարքը: «Եթէ միջազգային ընտանիքը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնար, այսօր պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ սպանդներ պիտի չգործուէին: Ես ճիգ չխնայեցի Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական իրողութիւնները հասցնելու տարբեր շրջանակներու», ըսաւ Ն. Արիսեան:

Հարցազրոյցը անդրադարձաւ նաեւ Ն. Արիսեանի հրատարակած երկրորդ գիրքին, որուն մէջ ներկայացուած էին Սուրիոյ խորհրդարանին անդամ դարձած եւ սուրիական քաղաքական կեանքին մէջ իրենց ներդրումը ունեցած հայ երեսփոխանները:

Ան նշեց, որ այդ գիրքին նպատակը եղած է լուսարձակի տակ առնել սուրիահայ երեսփոխաններուն բերած ներդրումը Սուրիոյ քաղաքական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ եւ սուրիացի քաղաքացիին գերագոյն շահերուն ծառայող որոշումներու կայացման մէջ բերած անոնց նպաստը:

Նորա Արիսեանի հետ կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ մը կատարուեցաւ նաեւ անոր գրական թարգմանութիւններուն` նկատի ունենալով հայ գրագէտներու գործերը արաբերէնի թարգմանելու անոր աշխատանքները:

Այս ծիրին մէջ Ն. Արիսեան յայտնեց, որ գրականութիւնը ժողովուրդներուն միջեւ կապն է:

Արաբ գրողներու միութեան իբրեւ միակ կին անդամը` Նորա Արիսեան շեշտեց, որ արաբական եւ հայկական մշակոյթներուն միջեւ նմանութիւնները ստեղծուած են Է. դարէն ի վեր, ապա անոնք աւելի զարգացած են ԺԹ. դարուն:  Նորա Արիսեան շեշտեց, որ ինք համոզուած է Սուրիոյ, Լիբանանի եւ արաբական այլ երկիրներու վրայ օսմանեան գաղութատիրութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու անհրաժեշտութեան:

Share this Article
CATEGORIES