ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄՐՑՈՒՄԸ ԿԻՍԱՏ ՄՆԱՑ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մանարայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս (ներկայացուցչական) հինգերորդ եւ վերջին մրցումը:
Անիկա առաջին քորթըրին աւարտէն առաջ կիսատ մնաց, երբ արդիւնքը կ՛ընթանար ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի` 15-14 արդիւնքով:
Նախքան այս մրցումը, երկու կազմերուն միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանար 2-2 հաւասարութեամբ:
Երէկուան այս մրցումին երկու խումբերուն համակիրներուն միջեւ տեղի ունեցան բախումներ, որովհետեւ Ռիատիի համակիրները ՀՄԸՄ-ի համակիրները գրգռելու համար իրենց հետ դաշտ բերած էին թրքական դրօշակներ:
Ներքին ապահովութեան ուժերը այս մրցումէն բացակայ էին:
CATEGORIES Մարզական

