ՀՄԸՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՄԲԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԳԱՅԼԻԿ ԱՐԾՈՒԻԿ ՃԻՒՂԵՐՈՒ ՄԻՋՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ՕՐ
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային խմբապետութեան կազմակերպած գայլիկ-արծուիկ ճիւղի միացեալ յայտագիրը տեղի ունեցաւ կիրակի, 3 ապրիլ 2011-ին, ժուրեթ Պալլութի բացօթեայ դաշտավայրին մէջ:
Յայտագիրի գլխաւոր պատասխանատուն էր գայլիկ-արծուիկ ճիւղի խմբապետ Լիզա Դիմիճեան:
Միացեալ յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութի, Պուրճ Համուտի, Անթիլիասի, ժտէյտէի եւ ժունիէի մասնաճիւղերէն 210 գայլիկներ եւ արծուիկներ, ինչպէս նաեւ վոհմակ-երամներու պատասխանատու խմբապետները:
Սոյն յայտագիրին նպատակն էր մասնաճիւղերու բոլոր գայլիկներն ու արծուիկները համախմբել միատեղ ու իրար ծանօթացնել, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ զօրացնել ընկերասիրութեան ու սկաուտական ոգին:
Օգտուելով գարնանային պայծառ ու հաճելի օրերէն` գայլիկներն ու արծուիկները բացօթեայ դաշտավայրի մը մէջ առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 վայելեցին բնութեան պարգեւած բարիքները, խաղացին մարզական խաղեր, ինչպէս` պարանի խաղը, գնդակի ու պարկի խաղերը եւ այլ չարքաշ ու սկաուտական խաղեր:
Չարքաշ խաղերու կողքին անոնք խաղացին նաեւ մտային ու դաստիարակչական խաղեր, ինչպէս` յիշողութեան խաղը, զարգացման մրցումն ու մորսի խաղը:
Կէսօրուան դադարին գայլիկներն ու արծուիկները միատեղ, բնութեան գիրկը հաճելի ու ընկերային մթնոլորտի մը մէջ ճաշակեցին իրենց կէսօրուան ճաշը, ապա շարունակեցին որոշուած յայտագիրն ու խաղերը:
Յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին վերջ գտաւ գայլիկ- արծուիկ ճիւղի միացեալ յայտագիրը, գայլիկներն ու արծուիկները թէեւ ֆիզիքապէս յոգնած, բայց հոգեպէս ուրախ, գոհունակ սրտով ու հաճելի յիշատակներով վերադարձան իրենց ակումբները:
Խաղերուն ընթացքին տեղի ունեցաւ մրցակցութիւն, որուն աւարտին կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Ա. եւ Բ. մրցանակները բաշխուեցան Դեղին-1 եւ Դեղին-2 վեցեակներուն: