ՀԲԸՄ-ի Տիկնանց Համախմբումի Միջինքի Ձեռնարկին. «Ես Հպարտ Եմ Հայերով Ու Կը Մաղթեմ, Որ Լիբանանցիք Ձեր Օրինակին Հետեւին` Հայրենիքի Վերատիրացման Վճռակամութեան Մէջ» Յայտնեց Լէյլա Սոլհ Համատէ

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէի, երէկ`  չորեքշաբթի, 14 մարտի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Տիկնանց համախմբումի կազմակերպած Միջինքի ձեռնարկը, Տպպայէի «Ռոյալ» պանդոկին մէջ:

Լիբանանի, ՀԲԸՄ-ի եւ Հայաստանի  քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք,  նշեալ համախմբումի աշխատանքները համադրող` Քալին Վանլեան-Եավերեան, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Տիկնանց համախմբումին անունով, նախ արաբերէն, ապա հայերէն  լեզուներով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու ներկայացուց յայտագիրի  գլխաւոր կէտերը: Եավերեան մեծ դրուատիքով վեր առաւ Լէյլա Սոլհի բարեսիրական  գործունէութիւնը, յատկապէս` ՀԲԸՄ-ի  վարժարաններուն մատուցած անոր  ծառայութիւնները: «Ան իր այս գործունէութեամբ սէր ու յոյս կը ներշնչէ  ամէնուրեք ու ոչ մէկ արգելք կը կասեցնէ անոր բարեսիրական գործունէութեան երթը:  Անկարին օգնութեան, ծառայութեան ու տալու սէրը անոր մօտ կը գերազանցէ ամէն բան», ընդգծեց Քալին Եավերեան:

Իր կարգին, Լէյլա Սոլհ շնորհակալութիւն յայտնեց այս առիթին համար` նշելով, որ ինք 7-8 տարիէ ի վեր մեծ գոհունակութեամբ կը գործակցի այս միութեան հետ: «Ես հպարտ եմ հայ ժողովուրդով, Լիբանանի հայերով ու խորապէս ազդուած եմ Լիբանանի հանդէպ հայութեան ցուցաբերած  հաւատարմութենէն: Կը մաղթեմ, որ  լիբանանցիք ալ դաս առնեն ու հետեւին ձեր օրինակին` հայրենիքի վերատիրացման վճռակամութեան գծով», ընդգծեց Լէյլա Սոլհ: Ան նախանձախնդիր էր հանդիսասրահի իւրաքանչիւր սեղան այցելելու եւ ողջունելու կիները: Այս առիթով ան  պարգեւատրուեցաւ յատուկ յուշանուէրով մը:

Ձեռնարկին ընթացքին  ցուցադրուեցաւ Լէյլա Սոլհի ՀԲԸՄ-ի  վարժարանները կատարած մէկ  այցելութեան մասին կարճատեւ տեսաերիզ մը:

Մեծ պահքի կէսը կամ 24-րդ օրը խորհրդանշող  աւանդական Միջինքի այս ձեռնարկին  ներկայացուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր: Ջութակի վրայ ելոյթ ունեցաւ  Ժաք Ստեփան, իսկ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին»  պարախումբին կողմէ նազպարը ներկայացուց  պարուսոյց` Գայեանէ Մածունեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ բանաստեղծ Իպրահիմ  Սըմաան,  որ անձամբ ասմունքեց` յատուկ Լէյլա Սոլհին նուիրած ու անոր անուան սկզբնատառերով սկսած իր բանաստեղծական տողերը:

Ապա կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն ու ներկաները այս առիթով կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES