Միջինքը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ «Պէտք Է Գիտակցիլ, Որ Աստուծոյ Եւ Մեր Միջեւ Կապը Հօր Եւ Անոր Որդիներուն Միջեւ Կապ Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Լիբանանի թեմի աւանդութեան համաձայն եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի հրաւէրով, երէկ` չորեքշաբթի, 14 մարտ 2012-ի առաւօտեան, Միջինքի առիթով Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ Արեւագալի հանդիսաւոր արարողութեան նախագահեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ժամը 8:00-ին սկսած առաւօտեան ժամերգութեան, ապա Արեւագալի արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեցին դպրեվանքի սարկաւագ եւ ժառանգաւոր սաները: Արեւագալի սոյն արարողութեան ներկայ գտնուեցան այս օրերուն Անթիլիասի Մայր տաճարի վեհարանին մէջ իրերայաջորդ նիստերու մասնակցող թեմակալ առաջնորդներ եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ: Եկեղեցին լեցուն էր զանազան շրջաններէ եկած հաւատացեալներով եւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի աշակերտներով:

Արեւագալի արարողութենէն ետք Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան խօսք առնելով փառք տուաւ Աստուծոյ` Անոր պարգեւներուն եւ շնորհներուն համար: Ան նշեց, որ այսօր անգամ մը եւս Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շնորհուեցաւ առիթը վայելելու Արամ Ա. կաթողիկոսի այցելութիւնը, որ տարին մէկ անգամ Լիբանանի հայոց թեմին առանձնաշնորհումն է: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ ասիկա հովուապետին հանդիպումն է իր մեծ, նահապետական ընտանիքին հետ:

Գեղամ արք. Խաչերեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արեւագալի այս արարողութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներու եւ թեմակալ առաջնորդներու ներկայութիւնը` նշելով միաժամանակ, որ վեհափառին թելադրանքով ընդհատուեցան վեհարանին մէջ տեղի ունեցող Ազգային կեդրոնական վարչութեան նիստերը, որպէսզի առիթ ընձեռուի մասնակիցներուն ներկայ գտնուելու Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Արեւագալի արարողութեան:

«Երբ հովուապետը այսպէս կը վարուի, ապա ընտանիքի անդամներէն կը սպասուի պարտականութեան գիտակցութեան բարձրութեան վրայ ըլլալ», ընդգծեց առաջնորդ սրբազանը` միաժամանակ շնորհակալութեան խօսք ուղղելով դպրեվանքի տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեանին եւ դպրեվանքի սաներուն, որոնք կատարեցին օրուան երգեցողութիւնը: «Լիբանանը թերացած է դպրեվանքին նկատմամբ իր պարտականութեան մէջ: Դպրեվանքի սաներուն թիւին իմաստով Լիբանանի հայոց թեմը պէտք է տիրական ըլլայ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը:

Այնուհետեւ Արամ Ա. կաթողիկոս Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ խորանէն հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր պատգամը` հայրապետական օրհնութեամբ ողջունելով Լիբանանի հայութիւնը: Վեհափառը նշեց, որ երբ Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին լերան վրայ կը քարոզէր ժողովուրդին, մարդիկ եկան եւ իրմէ խնդրեցին աղօթել սորվեցնել: Ան աղօթելու կերպը սորվեցուց Տէրունական աղօթքին ընդմէջէն, որ առանցքը կը կազմէ եկեղեցւոյ ծէսին, հիմքը` քրիստոնէական աստուածաբանական մտածողութեան եւ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի ամէնօրեայ աղօթքն է:

Վեհափառը նշեց, որ իր պատգամը պիտի կեդրոնանայ Տէրունական աղօթքի առաջին տողին վրայ` «Հայր մեր, որ յերկինս ես», ուր խօսքը կ՛ընթանայ Հայր եւ որդիի յարաբերութեան մասին:

«Աստուած որպէս Հայր տիեզերքն ու մարդը ստեղծեց Ան կը պաշտպանէ ու կը սիրէ զանոնք եւ իր Որդւոյն ճամբով փրկութեան կ՛առաջնորդէ», ըսաւ Արամ Ա.:

Իբրեւ Հայր Աստուած ի՞նչ ըրած է մարդուն համար: Նախ ստեղծեց աշխարհը եւ տիեզերքը, սակայն իր ստեղծագործութեան պսակը մարդն է, որուն պարտականութիւնն է բոլորին օգտակար հանդիսանալ:

«Աստուծոյ ներկայութիւնը ամէն վայրկեան պէտք է ապրինք: Աստուած կը մերժէ մարդակեդրոն կեանքը: Քրիստոնէութիւնը աստուածակեդրոն կրօն է», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` աւելցնելով, որ դժբախտաբար ներկայիս շատ յաճախ Աստուած մեր կեանքի մայր էջին մէջ ներկայ չէ: «Ամէն անգամ որ կ՛աղօթենք, յիշենք, որ Աստուած մեր երկնաւոր Հայրն է, իսկ մենք անոր որդիները», ընդգծեց վեհափառը:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ նշեց, որ քրիստոնեայ մարդը այն մարդն է, որ միշտ կը դառնայ Աստուծոյ եւ Անոր միշտ փառք կու տայ բոլոր բոլոր բարիքներուն համար: Վեհափառը յայտնեց, որ Աստուած ոչ միայն տիեզերքի եւ մարդու ստեղծիչն է, այլ նաեւ անոնց պաշտպանը: Աստուծոյ պարտականութիւններուն մէջ կ՛իյնայ նաեւ մարդուն նկատմամբ սէրը, ինչպէս նաեւ այն, որ Ան իր Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի մարդը ուղղէ դէպի փրկութիւն:

«Ահաւասիկ իբրեւ Հայր Աստուծոյ պարտականութիւնները, որոնք կը շարունակուին եկեղեցւոյ միջոցով: Սակայն մենք իբրեւ որդիներ ի՞նչ կ՛ընենք Հօր նկատմամբ», հարց տուաւ վեհափառը եւ նշեց պարտաւորութիւններ.

ա.- Մեր առաջին պարտականութիւնն է իբրեւ որդիներ հնազանդիլ Աստուծոյ:

բ.- Սիրել զԱստուած: Ան կը սպասէ, որ մենք գործնապէս սիրենք մեր Հայրը:

գ.- Ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը:

Իր պատգամի վերջին բաժինին մէջ, վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ներկայ աշխարհը իր փառքի ու հաճոյքի չաստուածներով մեզ դարձուցած է անառակ որդիներ. հեռու ենք Աստուծմէ. Աստուած մեր կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի: Մեծ Պահքը յիշեցում մըն է, թէ առանց Աստուծոյ ներկայութեան մարդուն կեանքը կը կորսնցնէ իր իմաստն ու նպատակը: Ան նաեւ հրաւէր մըն է մարդուն դառնալու Աստուծոյ ու Աստուծոյ ներկայութիւնը գործնապէս արտայայտելու իր կեանքին ու գործին մէջ»:

«Հետեւաբար, ամէն անգամ որ կ՛աղօթենք, դառնանք մեր Հայր Աստուծոյ եւ աղօթենք այդ գիտակցութեամբ», եզրափակեց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Յայտնենք, որ Արեւագալի արարողութենէն ետք Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ սրահին մէջ ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին սարքուեցաւ Միջինքի աւանդական սեղան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES