Տեսակէտ. Նեմեսիս

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Նեմեսիսը յունական դիցաբանութեան մէջ հատուցման կամ վրէժի չաստուածն է, որ չաստուածներուն նկատմամբ ամբարտաւանութիւն գործողներուն իրենց արարքին համեմատ կը հատուցէ: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ անոր գործադրութեան հրամանը արձակած թուրք ղեկավարներէն վրէժ լուծելու գործողութիւնը Նեմեսիս կոչուեցաւ: Հայ ժողովուրդը «Նեմեսիս»-ի ճամբով իր վրէժը լուծած է եւ այսօր միայն ճշմարտութեան ճանաչում եւ իրաւունքներու վերականգնում կը պահանջէ:

Հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներ իրենց քաղաքական նեղ հաշիւներէն մղուած` կը փորձեն հայ ժողովուրդի 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբի պատմութիւնը վերախմբագրել: Այս ծիրին մէջ անոնք «Նեմեսիս»-ը կը ներկայացնեն իբրեւ անհատական նախաձեռնութիւններու պատահական շարք մը, ինչ որ ճշգրտութենէ զուրկ ըլլալուն կողքին, նաեւ անտրամաբանական է, որովհետեւ այդպիսի գործողութիւններ հետապնդումի եւ ծրագրաւորումի հոլովոյթի մը պտուղն են եւ անհատներու կարողութենէն վեր են: Այս արդարահատոյց գործողութիւնը ծրագրուեցաւ եւ գործադրուեցաւ հայկական քաղաքական այն կուսակցութեան կողմէ, առանց որուն` Սերոբ Աղբիւրը սրճեփ մը պիտի մնար միայն, Անդրանիկը` ատաղձագործ մը, իսկ հայդուկապետ Արաբոն` հասարակ աւազակապետ մը: Սողոմոն Թեհլիրեանը, Արշաւիր Շիրակեանը, Արամ Երկանեանը, Արմեն Արոն, Հրաչ Փափազեանը եւ միւսները «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսները եղան, որովհետեւ ՀՅԴ-ն զիրենք ընտրեց գործադրելու համար իր այդ ծրագիրը:

«Նեմեսիս»-ի 90 ամեակը առիթ մըն է պանծացնելու այդ հերոսներն ու անոնց սխրագործութիւնները, ինչպէս նաեւ` օրինակ առնելու անոնց անձնուրացութենէն եւ կարգապահութենէն: Անիկա առիթ մըն է յիշելու եւ յիշեցնելու, թէ Թալէաթի եւ Ճեմալ Ազմիի նման ճիւաղները իրենց արդար հատուցումը պիտի գտնեն, ոչ միայն անդենականին, այլ նաեւ` այս կեանքի մէջ: Այս բոլորը, սակայն, առանց պատմական ճշմարտութիւնը այլափոխելու կամ վերախմբագրելու փորձ կատարելու:

 

 

Share this Article
CATEGORIES