Ձերբակալուած Են Ազրպէյճանի Մէջ Իսրայէլի Դեսպանատան Դէմ Յարձակում Ծրագրող 22 Կասկածելիներ
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դեսպանատուներուն դէմ յարձակում ծրագրելու կասկածով 22 անձեր ձերբակալուած են:
«Կասկածելիները ձերբակալուած են Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան նախարարութեան եւ Իրանի իրաւապահներու համատեղ գործողութիւններուն շնորհիւ», կը յայտնէ Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ նաեւ կը շեշտուի, որ ձերբակալուածներուն եւ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին հետ կապը:
Այս ծիրին մէջ փետրուարին եւս Ազրպէյճանի մէջ ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած էին:
Նշենք, որ նախօրէին Ազրպէյճանի եւ Իրանի պաշտպանութեան նախարարները Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած էին:
CATEGORIES Միջազգային

