Սանթորում Կինկրիչէն Եւ Ռոմնիէն Առաջ Անցած Է
Միացեալ Նահանգներու մէջ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման ընտրութիւններու ընթացքին Ալապամա եւ Միսիսիփի նահանգներուն մէջ յաղթած է Ռիք Սանթորում` պարտութեան մատնելով իր գլխաւոր մրցակից միլիառատէր, մորմոն Միթ Ռոմնին:
Ալապամա նահանգին մէջ Սանթորում հաւաքած է ձայներու 35 առ հարիւրը` երկրորդ դիրքը ձգելով Նիւթ Կինկրիչի, իսկ երրորդ դիրքը` Ռոմնիի: Միսիսիփի նահանգին մէջ երկրորդ դիրքը գրաւած է Ռոմնին, իսկ երրորդ դիրքը` Կինկրիչը:
Հակառակ իր կրած պարտութիւններուն, Կինկրիչ չի պատրաստուիր նահանջելու: Սպիտակ տան ղեկավարի պաշտօնին կը ձգտի նաեւ երկու նահանգներուն մէջ յաղթանակ արձանագրած Ռիք Սանթորումը:
CATEGORIES Միջազգային

