Էրտողան Կը Խօսի Իսրայէլեան Բնաջնջումի Քաղաքականութեան Մասին
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Իսրայէլ մէկ դարէ ի վեր պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ բնաջնջումի ծրագրաւորուած քաղաքականութիւն կը կիրարկէ: Ան իսրայէլացիներուն` «իբրեւ բնաջնջումի ենթարկուած ժողովուրդի զաւակներու» կոչ ուղղեց` իրենց կառավարութեան «բա՛ւ է» ըսել:
Էրտողան վստահեցուց, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ պաղեստինցիներուն աջակցիլ` նշելով, որ անոնք տարիներէ ի վեր անարդարութեան կ՛ենթարկուին:
CATEGORIES Միջազգային